«Խաչը մեր փրկութեան նշանն է:
Խաչը հիւանդներու բժիշկն է:
Խաչը լոյսն է խաւարի մէջ նստածներուն եւ ազատագրումը գերուածներուն:
Խաչը անօրէնի տապալումն է»:

Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ խաչվերաց տօնին նուիրուած ձեռնարկը, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբան Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան Յովհաննէսեանի եւ թաղականութեան կազմին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչական կազմէն Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ խաչվերաց տօնին առնչուած աւանդութիւններուն ըսելով. «Ժողովրդական աւանդոյթի մէջ խաչվերացը կամ (Սըրբխեչը) աշնան սկիզբը խորհրդանշող ուրախ տօն է։ Տօնի նախօրէին, շաբաթ օրը, կանայք խմորեղէն կը պատրաստեն, տղամարդիկ ուլ կը մորթեն եւ ժողովրդական աւանդութեան համաձայն ուլի միսը եւ ցաւարով փիլաւը այդ օրուան յատուկ ուտելիքներն են»։
Օրուայ խորհուրդը մեկնաբանեց հոգշ. Տ Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան: Ան պարզեց որ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը նշէ Խաչվերաց տօնը, որ հինգ տաղավար տօներու վերջինն է եւ խաչին նուիրուած տօներու ամենակարեւորը, որովհետեւ նուիրուած է գերութենէ խաչի վերադարձին եւ փառաբանութեան յիշատակին։
Ան յայտնեց նաեւ, որ հայ Առաքելական եկեղեցին ունի Սուրբ Խաչին նուիրուած հետեւեալ տօները՝ Սուրբ Խաչի երեւման, Խաչվերաց, Վարագայ Ս.Խաչ, Ս.Խաչի գիւտ։ Այս չորսէն երեքը կը նշուին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, միայն Վարագայ Ս. Խաչը կը նշուի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Ապա շնորհաւորեց Խաչիկ անունը կրողները, մաղթելով, որ ըլլան առողջ եւ դիմաւորեն արեւշատ տարիներ, իսկ Սուրբ խաչը իրենց ապաւէնը դսռնայ։
ԱպաԽաչիկ անունը կրողներուն յատուկ յուշանուէրներ բաշխուեցաւ։ Հուսկ տեղի ունեցան հետաքրքրական մրցոյթներ, վիճակահանութիւն եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը հրամցուեցաւ ներկաներուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն