21 Սեպտեմբեր 2022_ին առաւօտեան ոստիկանները «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ բերման ենթարկած են 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներուն ծնողները, տեղափոխած են ոստիկանական բաժիններ, ապա քանի մը ժամ ազատ ձգած են։
Ծնողները փոխանցեցին, որ գիշերուընէ «Եռաբլուր» էին որպէսզի արգիլեն վարչապետ Փաշինեանին ու անոր խումբին մուտքը պանթէոն։

Նախքան վարչապետի ժամանումը ոստիկանները փորձած են բանալ ճամբան եւ բերման ենթարկած են փողոցը փակած մայրերուն։ Անոնք պատմեցին, որ ոստիկանները իրենց քաշքշելով բերման ենթարկած են։ Ոստիկանութեան բաժիններէն ծնողները կրկին վերադարձած են «Եռաբլուր»։