Անցեալ շաբթուան գրութիւնս ղրկած էի, երբ Հայաստանի դէմ այս նոր պատերազմը պայթեցաւ, ինչպէս շատերս կը սպասէինք արդէն: Ուրիշներ չէին հաւատար, թէեւ մէկ առաւել մէկի պատկերը աւելի քան յստակ էր: Նշանաւոր խօսք մը կայ, որ յաճախ կը յիշուի՝ «Երբ նոյն քայլերը կ’առնես, ինչպէ՞ս կը սպասես որ արդիւնքը տարբեր ըլլայ»: Եթէ ուրիշներու խրատ տալու համար է, 100 % համոզուած կ’ըլլանք այս խօսքով, բայց երբ կարգը մեզի գայ, կը մոռնանք, նոյն բաները կ’ընենք եւ կը զարմանանք որ նոյն արդիւնքին հասեր ենք, մանաւանդ՝ ժխտական արդիւնքի: Մօտեցող վտանգը շատ աւելի շուտ հասաւ, քան կը կարծէինք, քան կը հաւատայինք:

Իսկ Երեւանի մէջ փառատօներ կային: Երեւանը Չինաստանի մայրաքաղաքը չէ, որուն Սիշուանը մայրաքաղաք Պէյճինկէն 17 ժամ 25 վայրկեան հեռու ըլլայ: Բայց մենք այդքանէն ալ աւելի հեռու կը զգայինք, որովհետեւ չէինք հաւատար, որ վտանգը իրապէ՛ս մօտ է, որ կրնայ որեւէ պահու խուժել մեր կեանքերէն ներս: Չէինք ուզեր ընդունիլ նաեւ, որ երկիրը իր ճակատագրին լքուած ըլլալ կը թուի:
«Երեւանը անջատ տարածք մըն է կարծես. եւ մինչեւ երեւանցիք մեծ ցնցում մը չապրին, պիտի չկարենան երեւակայել թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ» կ’ըսեն սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք կ’ապրին ու կ’աշխատին Երեւանի մէջ: Կրնայ պատահի՞լ: Պատահած է արդէն եւ շատ շատեր տագնապի մէջ են՝ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս դասաւորել առօրեան … Հիմա ի՞նչ ընենք: Ամբողջ երեսուն տարի Սփիւռքը իր կարելին եւ անկարելին ըրաւ Հայաստանի համար, շատ յաճախ «իր բերնէն կտրեց» Հայաստան ղրկելու, ինչպէս էր պարագան կարգ մը անգլերէն հանդէսներու, որոնք թէեւ շատ կարեւոր էին հայ գրականութիւնը տարածելու առումով (RAFT, Ararad), բայց դադրեցան:
Փոխարէնը ի՞նչ ուզեց Սփիւռքը Հայաստանէն. ուզեց որ իր հայրենիքը բարգաւաճ ըլլայ, ուզեց որ ապահով ըլլայ այսօրուան եւ գալիք սերունդներուն համար,- մանաւանդ որ երեք կողմէ թշնամիներով շրջապատուած է,- ուզեց որ այս երկիրը լաւագոյնը ըլլայ իրեն եւ բոլոր հայերուն համար, առանց մենք-դուք-ի, ներս-դուրս-ի, ախպարներու թէ արեւելա-արեւմտա-ի տարբերութիւններուն:
Չեղաւ: Որքան երկիրը գեղեցկացաւ, այնքան թշնամիին ախորժակները գրգռուեցան, այնքան ժողովուրդը մեղկացաւ, ուզեց «իր օրը վայելել»: Ինչպէ՞ս սակայն վայելել այսօրը, առանց վաղուան ապահովութեան: Հիմա ի՞նչ ընենք: Սփիւռքը ինք, որպէս ժողովուրդ, արդէն սպառած է, յոյսի եւ յուսահատութեան միջեւ օրօրուելով: Բարեբախտաբար կան կազմակերպութիւնները, որոնք օրն ի բուն կ’աշխատին բան մը ընելու համար: Հիմա բնաւ պայման չէ որ մենք, որպէս ժողովուրդ գիտնանք թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն, որովհետեւ յաճախ կիսատ-պռատ բաներ գիտնալով, կրնանք խանդավառուիլ եւ … խոչընդոտել աշխատանքները: Չգիտնալը սակայն պայմանաւոր է վստահութեամբ եւ միասնականութեամբ: Ո՞ւր են այս երկուքը: Մանաւանդ վստահութիւնը: Կը տեսնէք որ բոլոր հարցադրումները մե՛ր, հայերուս շուրջ կը բեւեռուին:
Ի վերջոյ մեր երկիրը մե՛նք է որ պիտի պահենք եւ ոչ ուրիշները: Բայց, ըստ երեւոյթին, այսքանը այնքան ալ յստակ չէ շատերուս համար, որովհետեւ կը շարունակուին մենք-դուք-ի «կնիկական» վէճերը, ելք չունեցող բարբանջանքները, մեզ մոլորեցնող ելոյթները: Ի զուր մարդիկ իրար կը յորդորեն զուսպ ըլլալ. բարեկամուհիս Անահիտ Արամունին գրեր է իր պատին. «Հայհոյախառն, մաղձոտ եւ թունոտ ձեր խօսքերով նախ դուք ձեզի կը վնասէք, որովհետեւ մաղձը ինքնակեղեքող, ինքզինք թունաւորող յատկութիւն ունի. մաղձը նաեւ ձեզ կը տգեղցնէ, կ’աղճատէ ձեր կերպարը: Մաղձ ու թոյնով դուք նաեւ ձերիններուն կը վնասէք, ձեր գործակից ընկերներուն, կը թունաւորէք միջավայրը: Րաֆֆին, Դեմիրճեանը, Թումանեանը եւ խեղճ ուրիշներ որքան գրեցին, որքան յորդորեցին … Անօգուտ: Եթէ շատ չըլլայիք, կարելի էր հեռանալ, ձեզ մեկուսացնել. Բայց շատ էք»:
Պահ մը կը դիտեմ շուրջս, մեր երկրէն մինչեւ շրջակայ երկիրներուն մէջ աւելի քան կէս դարէ ի վեր ընթացող պատերազմները: Մտածումը որ կու գայ, կը շանթահարէ զիս՝ կրնա՞յ ըլլալ որ մենք, դարերէ ի վեր սխալ հասկցեր ենք կեանքը, որ խաղաղ եւ արդիւնաբեր առօրեայով ապրիլը չէ, այլ անընդհատ կռիւներ եւ պատերազմներ սարքելով, անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ, չունեցածին տիրելով: Բայց ո՞վ է ընդհանրապէս որ անընդհատ կ’ուզէ կռիւներով ինքզինք փաստել: Անշուշտ ան, որ ինքնավստահութիւն չունի իր ոյժերուն վրայ եւ կռիւ-պատերազմով կ’ուզէ հաստատել ինքզինք, իր պետութիւնն ու իր աթոռը:
Անշուշտ նաեւ սուտերով, իսկ սուտին դէմ դնելը շատ դժուար բան է, որովհետեւ,- եւ այս մէկը դեռ չ ե մ հա ս կ ցած,- մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ շատ աւելի արագ հաւատք կ’ընծայեն սուտին, քան ճշմարտութեան: Որքան ալ փորձենք բացատրել եւ տրամաբանական պատճառներ գտնել, այս կրկնուող պատերազմը կը ջլատէ մեզ բոլորս թէ՛ որպէս անհատներ, թէ՛ որպէս ազգ: Երբ 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժը աւերեց Սպիտակը, Գիւմրին եւ ամբողջ գիւղեր, ինծի համար շատ դժուար էր առօրեայ սովորական աշխատանքներս կատարելը:
Զաւակներս փոքր էին տակաւին. ամէն օր զիրենք դպրոց ճամբել կար, ճաշի եւ ընթրիքի պատրաստութիւն կար, առտնին գործերը կային եւ այլն: Բայց ամէն անգամ որ բան մը կ’ընէի, ինձմէ անկախ միտքս կ’երթար երկրաշարժէն վերապրածներուն, որոնց վէրքերը որքան ֆիզիքական, նոյնքան եւ աւելի հոգիի խոցեր էին: Արցունքը չէր հոսեր, որովհետեւ գիտէի որ պէ՛տք է շարունակեմ առօրեաս եւ փորձեմ օգնութեան միջոցներ գտնել: 44-օրեայ պատերազմը շատ աւելի ծանր էր իր բերած յոյսով, որ շատ արագ յուսահատութեան վերածուեցաւ, ապա, զոհերուն թիւն ու տարիքը իմանալով, դարձաւ չսպիացող վէրք մը, նոյնքան առօրեայական տագնապ ստեղծելով: Զաւակներս մեծցեր էին եւ իւրաքանչիւրը իր կեանքը ունէր արդէն:
Բայց առօրեայի իւրաքանչիւր ժամուն չէի կրնար չյիշել զոհուածներուն մայրերը, որոնց ցաւը չեմ համարձակիր ըսել որ կը հասկնամ. ոչ ոք կրնայ զաւակ (երբեմն՝ զաւակներ) կորսնցուցած մօր մը տառապանքը չափել: Կը խորհէի թէ այդ վերջընթեր պատերազմին ելքը եւ զոհերուն թիւը մեզի համար պիտի ըլլային արթնցնող այն ցնցումը, որ մեզ պիտի դարձնէր աւելի խոհեմ, աւելի դիւանագէտ, աւելի հեռատես, աւելի լուրջ:
Բայց ահա կրկին նոյն ոլորապտոյտին մէջ ենք. այս անգամ ելքն իսկ յստակ չէ: Ի՞նչ ընել: Հռետորական չէ այս հարցումը, այլ ճի՛շդ հակառակը՝ օրհասական հարցում մըն է, որուն պատասխանը եթէ ամբողջ հայութիւնը միակամօրէն չգտնէ, այն ալ՝ շատ արագ, յստակ չէ թէ վաղուան օրը ի՛նչ պիտի բերէ մեզի:
Մարուշ Երամեան