ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր 77-րդ շրջանի եօթնօրեայ ժողովին շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպումներ ունեցաւ Ալճերիոյ, Փարակուէյի եւ Մալեզիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ռամթան Լմաամրայի, Խուլիոյ Սեզար Արիոլայի եւ Սէյֆուտտին Ապտալլայի հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին նախարար Մըքտատ իր պաշտօնակիցներուն հետ խորհրդակցեցաւ արաբական աշխարհի վերջին զարգացումներուն եւ արաբական միացեալ աշխատանքի կարեւորութեան շուրջ։ Նախարար Մըքտատ շեշտեց, որ Պաղեստինեան Դատը եւ արաբական գրաւուած հողերուն ազատագրումը պիտի մնայ Սուրիոյ եւ արաբական բոլոր երկիրներու հիմնական եւ առանցքային դատը։