«Երկիր» – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի 77-րդ Ընդհանուր Ժողովի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։

Վարչապետը մանրամասնօրէն անդրադարձած է Ատրպէյճանի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումին և անոր հետեւանքներուն` ընդգծելով ատրպէյճանական գործողութիւններոպ դատապարտման, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերման համար միջազգային հանրութեան, այդ կարգին` Իրանի համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է իրանական կողմին յստակ գնահատականներուն համար և կարեւոդ համարած ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմ սերտ փոխգործակցութիւնը:

Ռայիսի նշաղ է, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն եւ աւելցուցած, որ տարածաշրջանի բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ միջոցներով: ԻԻՀ նախագահին համաձայն, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան և տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է և Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգի ենթարկուի: