Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան հաստատման 50-ամեակին եւ զբօսաշրջութեան միջազգային տօնին առիթով, երէկ՝ Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբերին, Հալէպի պատմական բերդին մէջ մէջ բացումը կատարուեցաւ մշակութային ձեռնարկներու շաբթուան։
Արդարեւ, Սուրիական պետական սիմֆոնիք նուագախումբը դասական երաժշտութեան ընտիր փունջ մը ներկայացուց, խմբավարութեամբ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի։

Ելոյթը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կողմէ, գործակցաբար Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Հալէպի Նահանգապետարանին։

Համերգի երկրորդ բաժինին նուագախումբին միացան Համազգայինի «Զուարթնոց» ու ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» հայկական երգչախումբերը։

Նախքան համերգը ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կազմութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը։
Ապա նուագախումբը ներկայացուց համաշխարհային դասական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ Պիզէի «Քարմէն» օփերայէն, Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալետէն ու Գառլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա» ստեղծագործութենէն հատուածներ։

«Քարմինա Պուրանա»-ի կատարման նուագախումբին միացան Համազգայինի «Զուարթնոց» եւ ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» հայկական երգչախումբերը։

Համերգին տուտուկով հանդէս եկաւ մենակատար Մուհամմէտ Ազաուին, որ ներկայացուց Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած Բալենի»-ն, մասնակցութեամբ «Անդրանիկ» պարախումբի մենակատարներու։

Պաղպուտարեան յաջողեցաւ ներկաներուն հրամցնել դասական միջազգային, հայկական եւ սուրիական, յատկապէս հալէպեան երաժշտական ստեղծագործութիւններու գեղեցիկ փունջ մը։

Ելոյթին ներկայ էին Սուրիոյ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարները, Հալէպի նահանգապետը եւ հոծ բազմութիւն մը։

Մշակութային ձեռնարկները պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ։