Կովկասի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին  զգոյշ անդորրութիւն տիրեց նախորդ Երկուշաբթի կէս գիշերի Պաքուի զինեալ ուժերուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք կատաղի յարձակումէն ետք, որ երկու կողմերէն աւելի քան հարիւրական կեանք խլեց, արձանագրուեցան նաեւ նկատառելի թիւով վիրաւորներ եւ անհետ կորածներ, ինչ որ  Կեդրոնական Ասիոյ  ամէնէն լարուած կէտերէն մէկուն ցարդ փխրուն վիճակը պարզեց։
Յարձակումը կը համընկնէր Ուքրանիոյ պատերազմի զարգացումներուն եւ այն մեծ հարուածին, որ ստացաւ Ռուսիա պատերազմին երկարաձգումով։ Հայաստան Ռուսիան կը համարէ իր կարեւորագոյն դաշնակիցն ու տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան միակ երաշխաւորը, ինչ որ կը հաստատէ Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի միջեւ մոլեգնող կազի պատերազմին զոհը դառնալու Երեւանի մտավախութիւններուն իրաւացիութիւնը։
Անթեղ Կրակ՝ Մոխիրի Տակ
Հակառակ անոր որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բռնկած պատերազմէն վերջ  2020-ին զինադադար յայտարարուած էր, նախորդ շաբթուան սկիզբը ծայր առած բախումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող մարտերուն ամենադաժանը համարուեցան։ 2020-ի պատերազմի ընթացքին Հայաստան հսկայ տարածքներ կորսնցուց Լեռնային Ղարաբաղէն (հայկական Արցախէն), որ թէեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի կցուած մարզ, սակայն անոր մեծամասնութեամբ հայ բնակչութիւնը անկախութիւն հռչակած էր։
Քառօրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստան ստիպուեցաւ ընդունիլ Եռակողմ համաձայնութիւնը,որ կը սահմանէր զինադադար, ապա Մոսկուայի կողմէ պարտադրուած յաջորդական քայլեր՝ երկու կողմերէն աւելի քան 6500 կեանք խլած կատաղի պատերազմի աւարտին:
Այդուամենայնիւ Հայաստանի համար ամէնէն մտահոգիչը այն էր, որ վերջին  բախումները այս անգամ անցան Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները եւ  ազերիական կրակը հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ «Հայաստանի հետ արեւելեան սահմանին կեդրոնացած Ատրպէյճանի զինուած ուժերը լայնատարած յարձակում  սանձազերծեցին Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի հայկական դիրքերու եւ բնակավայրերու վրայ, օգտագործելով ծանր հրետանի, թնդանօթներ, միջին հեռաւորութեան վրայ կրակող զէնքեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր», մինչդեռ Պաքու կը պատճառաբանէր իր յարձակումը ըսելով  թէ կը փորձէր կանխել «հայկական կողմէ ծրագրուող յարձակում մը»։
Հայկական զինուժը յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել ատրպէյճանական յարձակումը, յայտարարելով նախ՝ 49, աւելի ուշ՝ 200 զոհերու եւ մեծաթիւ վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ կորած զինուորականներու մասին։ «Նահար Արապի» թերթին համաձայն 8 սահմանային պահակագունդի զինուորներ գերեվարուած են (սակայն այս տուեալները վերջնական չեն տակաւին)։
Յարձակումէն անմիջապէս ետք, Երեւան դիմեց ՀԱՊԿ-ին (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրութեան Կազմակերպութեան),-  որ եւրասիական ապահովական կազմակերպութիւն մըն է,- եւ որուն Ռուսիոյ կողքին կ’անդամակցին նախկին խորհրդային Միութեան անդամ  հինգ երկիրներ,-  որպէսզի միջամտէ եւ ի գործ դնէ պայմանագրութեան հաւաքական անվտանգութեան  յօդուածը, որովհետեւ ազերիական յարձակումը այս անգամ ուղղուած էր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն եւ առնչութիւն չունէր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին  հետ, որուն  ՀԱՊԿ-ը քառօրեայ պատերազմին չէր միջամտած, այլ դիտորդի դերին մէջ մնացած էր՝ «Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ ոչ թէ Հայաստանի տարածքներուն մէջ տեսնելով այդ օրերու պատերազմը»։ Ատրպէյճանի այս վերջին յարձակումին, սակայն, ՀԱՊԿ-ի պարզապէս «կողմերուն զսպուածութիւն թելադրող անդրադարձը եւ  լարուածութիւնը մեղմացնելու միտող ջանքերու խոստումն ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին ուժի օգտագործման մերժումը» լրջօրէն մտահոգեցին Երեւանը, որովհետեւ ՀԱՊԿ-ի ստեղծման նպատակը իր անդամներուն հաւաքական ապահովութիւնը պաշտպանելն էր։
Լարուածութեան Սրման Ատրպէյճանի նպատակը
Հակառակ անոր որ Ատրպէյճան փորձեց արդարացնել իր յարձակումը՝ պատճառաբանելով զայն որպէս հայկական կողմէ ծրագրուած յարձակումի մը կանխումը, սակայն Ատրպէյճանի այս յայտարարութիւնը տրամաբանական չէր թուեր, նկատի ունենալով տարածաշրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղաքական զարգացումները։
Հայաստան, որ յուսահատ դուրս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն,- հակառակ 1990-ականներու սկիզբներու պատերազմին յաղթանակած ըլլալուն,- ինչպէս նաեւ յոգնաբեկ դարձած պատերազմի արդիւնքներէն եւ տնտեսական հետեւանքներէն, քաջ գիտէր որ իր դաշնակից Ռուսիան չէր կրնար ունենալ նախորդ երկու տարիներուն ունեցած դերակատարութենէն աւելին, երբ արդէն զինադադար յայտարարած էր եւ  2000 ռուսական խաղաղապահ ուժ տեղադրած Արցախ, հետեւաբար Հայաստանի համար երբեք տրամաբանական չէր ուժի կիրարումն ու կացութեան սրումը ընդդէմ յաղթանակ երգող եւ Եւրոպան ու Ռուսիան սիրաշահելու համար  կազի խաղաքարտը օգտագործող Ատրպէյճանի։
Հայ դիւանագէտ մը, չունենալով մամլոյ յայտարարութիւններով հանդէս գալու հաւակնութիւն, անունը խորհրդապահական ձգելու առաջարկով «Նահար Արապի»-ին յայտնեց որ «Յարձակումին ժամկէտը կրնար անակնկալ ըլլալ, սակայն յարձակումը ինքնին անակնկալ չէր Երեւանի համար, որ համոզուած էր, թէ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ իւրաքանչիւր ետքայլին պիտի յաջորդէ  նման առիթ օգտագործելու պատրաստ ատրպէյճանական կողմէ լարուածութեան սրում»։
Հայ դիւանագէտը աւելցնելով ըսաւ, որ «Հայաստանի մէջ բոլորը կը նախատեսէին, որ Ուքրանիոյ պատերազմի շարունակութիւնը աւելի մեծ առիթներ պիտի ընծայէ Ատրպէյճանին եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրները կեանքի կոչելու, օգտագործելով այս անկայուն ժամանակահատուածին մէջ Ռուսիոյ իրենց մերձենալու ճիգերը»։
Հայաստանի մէջ քաղաքական տարբեր ուժեր  համարեա՛ համակարծիք են այն միտքին շուրջ, որ ատրպէյճանական վերջին յարձակումը կը միտէր ճնշում բանեցնել Երեւանի վրայ, որպէսզի ան ընդունի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պաքուին յանձնելու ատրպէյճանաթրքական ծրագիրը։ Այս միջանցքը երկրի ծայրագոյն հարաւը գտնուող ռազմավարական ճանապարհն է՝ Իրանի հետ սահմանին։
Հայաստան 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեամբ խոստացած էր ճամբայ բանալ Ատրպէյճանին դիմաց Պաքուն Եւրոպային կապելու, անցնելով Նախիջեւանի ինքնավար մարզէն եւ Թուրքիայէն. սակայն Ատրպէյճան  ճամբաներու տրամադրումով չբաւարարուեցաւ եւ սկսաւ հանդէս գալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ն ու յարակից տարածքները ստանալու պահանջքով, ինչ որ կտրականապէս մերժելի էր Երեւանի կողմէ։
Միայն Հայաստանը չէ ատրպէյճանաթրքական այս ծրագիրը մերժողը, սակայն, Իրան եւս յայտարարեց որ կտրականապէս կը մերժէ «Կովկասի հետ իր սահմանի որեւէ փոփոխութիւն», յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ տարածքը Հայաստանի հետ իր միակ սահմանն է, իսկ այդ սահմանին կորուստին եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան անցնելուն պարագային, Իրան պիտի կորսնցնէ իր միակ վստահելի դրացին՝ Հայաստանը, ի նպաստ Թել Աւիւի ուժեղ դաշնակիցին, Իրանի նկատմամբ կասկածելի ախորժակներ փայփայողին՝ Ատրպէյճանին։
Հայ դիւանագէտը  շեշտեց, որ «Թէեւ Երեւան եւ Թեհրան համաձայն են «Զանգեզուրի միջանցքը» բնաւ Պաքուին  չյանձնելուն, այնուամենայնիւ Հայաստան կը բացառէ Թեհրանի կողմէ «այս առումով գործնական որեւէ քայլ ի նախաձեռնումը՝ կանխելու ատրպէյճանաթրքական ծրագիրը, եթէ Պաքուն փորձէ բռնի ուժով խլել միջանցքը»։
Ինչ կը վերաբերի միջանցքին առնչուող Ռուսիոյ դիրքորոշումին, աղբիւրը կը նշէ. «Ռուսիա ուրախ պիտի չըլլայ եթէ Երեւան կորսնցնէ միջանցքը ի նպաստ Ատրպէյճանի, այդուամենայնիւ Ռուսիա զգայուն այս ժամանակաշրջանին վտանգի պիտի չենթարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները։ Հետեւաբար առաւելագոյն բանը որ կ’ակնկալուի Ռուսիայէն՝ երկու կողմերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութենէն դուրս բերելն է միջանցքը եւ զայն Ռուսիոյ ուղղակի վերահսկողութեան տակ պահելն է»։
Ատրպէյճան Կազի «Կերը» Կը Ճօճէ
Ատրպէյճանի միակ պահանջքը «Զանգեզուրի Միջանցքը» չէ, որուն կը ձգտի Պաքուն օգտուելով Ուքրանիոյ պատերազմին ընձեռած առիթներէն՝ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը կրճատելու, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ իր դաշնակիցներուն ազդեցութիւնը ամրագրելու. Պաքու կը ջանայ հայկական կողմին ճանչցնել տալ Ատրպէյճանի  ցանկալի սահմանները, որպէսզի ճանաչման հռչակագրով Հայաստան հրաժարած ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն, Զանգեզուրէն եւ շարք մը ռազմավարական բլուրներէ, որոնք կը յատկանշուին հայկական եւ ատրպէյճանական քաղաքներու վրայ հսկողութեան կարեւոր դիրքերով՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկու կողմերուն վրայ։ Փոխարէնը Ատրպէյճան ոչ մէկ բան կը խոստանայ Երեւանին, որ պարտուելով վերջին պատերազմը, ցարդ չէ յաջողած զօրաշարժի ենթարկել արդիւնաւէտ տարածաշրջանային կամ միջազգային արդիւնաւէտ  աջակցութիւն քաղաքական թէ զինուորական ճակատներու վրայ։
Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ կազի պատերազմին սրումը բարձրացուց կազի արդիւնահանման ոլորտին մէջ համաշխարհային առումով առաջատար Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը։ Անցեալ Յուլիսին Եւրոմիութիւնը փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրեց Ատրպէյճանի հետ՝ մինչեւ 2027 Եւրոպա կազի ներկրումը կրկնապատկելու եւ տարեկան աւելի քան 20 միլիառ խորանարդ մեթրի հասցնելու մասին:
Երբ Ռուսիա յայտարարեց, թէ պիտի դադրեցնէ կազի մատակարարումը այն երկիրներուն, որոնք կը համաձայնին 7 Սեպտեմբերին եւրոյանձնակատար Ուրսուլա Ֆոնտէր Լայընի՝ ռուսական կազի գինի առաստաղ սահմանելու առաջարկին, Հայաստանի վրայ յարձակումի առաւօտեան, Ատրպէյճանի կենսուժի նախարար Փարվիզ Շահպազով թուիթըրի իր էջով յայտարարեց իր երկրին մտադրութիւնը՝ «2022-ին Եւրոպա (ատըրպէյճանական կազի) մատակարարումներու ընդհանուր ծաւալը հասցնել 12 միլիառ խորանարդ մեթրի՝ 2021-ի համեմատ աւելցնելով քանակը շուրջ 31 տոկոսով»։
Հայ դիւանագէտը «կը յայտնէ Երեւանի մէջ աճող մտավախութիւնները այն մասին, որ կազ արտահանող Ատրպէյճանի բարեհաճութիւնը շահելու արեւմտեան-ռուսական մըրցավազքը կրնայ վտանգի ենթարկել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը»:
Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան նկատմամբ ռուսական հիասթափեցնող դիրքորոշումները վրդովմունքի ալիք բարձրացուցին հայկական լրատուամիջոցներու եւ ակադեմական շրջանակներու մօտ, որոնք իրենց զայրոյթը արտայայտեցին Հայաստանի ենթադրեալ դաշնակիցին եւ Հաւաքական անվտանգութեան Պայմանագրութեան Կազմակերպութեան գործընկերոջ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի նկատմամբ աւելի կտրուկ դիրքորոշում չունենալուն համար. ոմանք նախազգուշացուցին ժողովուրդն ու քաղաքական դաշտը, որ «Ռուսերու չափազանց վստահիլը կրնայ յանգեցնել քսանմէկերորդ դարու առաջին տասնամեակներու ողբերգութիւններու կրկնութեան»:
Ռուսական միջամտութեան շնորհիւ, վերջապէս, կարելի եղաւ վերահսկել հակառակորդ երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած իրավիճակը եւ կանխել բախումներու սաստկացումը, սակայն նախատեսելի է, որ տիրող փխրուն կացութիւնը լուրջ մտավախութիւններու լոյսին տակ յանգի նոր պատերազմի, ինչ որ կրնայ Հայաստանը առաջնորդել նախորդ պատերազմներէն շատ աւելի մեծ կորուստներու։
Սարգիս Գասարճեան
«Ալ-Նահար»
Արաբերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան