Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութեան այսպէս կոչուած նախագահի խորհրդական փրոֆեսոր Աթայ Աթունն իր յօդուածին մէջ պնդած է, որ ԱՄՆ նպատակադրած է 2023-ի ընտրութիւններուն փոխել Թուրքիոյ նախագահը:
Ըստ յիշեալ փրոֆեսորին՝ ԱՄՆ-ին դուր չի գար Էրտողանի վարած ինքնուրոյն քաղաքականութիւնը, ուստի կը փորձէ Թուրքիան կրկին ներառնել քաղաքական իր պարունակին մէջ՝ ընտրութիւններուն ապահովելով իրեն համար աւելի վերահսկելի թեկնածուի մը յաղթանակը:
Յօդուածի հեղինակին պնդումով, Ուաշինկթըն այդ նպատակով կ’իրականացնէ յաջորդական գործողութիւններու հետեւեալ ծրագիրը.
1. Թուրքիոյ հետ հակամարտութեան մէջ մտցնել ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող իր դրացիները:
2. Տնտեսական շրջափակումով արժեզրկել թրքական լիրան եւ նուազեցնել թուրք ժողովուրդին գնողունակութիւնը՝ վատացնելով անոր կենսապայմանները:
3. ԿՀՎ-ի միջոցով արթնցնել կիւլէնական համայնքի քնացած բջիջները եւ սկսիլ թուրք ժողովուրդը հրահրել իշխանութեան դէմ:
4. Ամերիկամէտ քաղաքական կուսակցութիւնները եւ հեղինակութիւնները հաւաքել մէկ յարկի տակ եւ ընդդիմադիր շարժումի մեկնարկը խրախուսել:
5. Ամերիկամէտ եւ ֆինանսապէս շահագրգիռ թերթերու, պատկերասփիւռի եւ այլ լրատուամիջոցներու միջոցով իշխանութիւնները տկարացնող հրապարակումներ ընել:
6. Ստիպել ժողովուրդը ընդվզելու իշխանութեան դէմ եւ քաոս ստեղծել երկրէն ներս:
7. Գործել այնպէս, որ 18 Յունիս 2023-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահ Էրտողան պարտուի:
Ըստ Աթունի՝ ծրագիրին առաջին քայլը Թուրքիան Յունաստանի հետ հակամարտութեան մէջ մտցնելն էր, որ ուղեկցուեցաւ Յունաստանի մէջ ամերիկեան զօրակազմի տեղակայմամբ ու ռազմական եւ տնտեսական աջակցութեամբ, ինչ որ Աթէնքին աւելի համարձակ դարձուց:
Երկրորդ քայլը արեւելեան Միջերկրականի մէջ հարցեր ստեղծելն ու անոնցմով Թուրքիոյ զինեալ  ցամաքային եւ օդային ու ծովային ուժերը բաժնելն է իրարմէ:
Երրորդ քայլը Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան եւ
Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ուժերուն ռազմական ու ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելով խրախուսելն է անոնց Թուրքիոյ սահմաններուն մօտ գործողութիւններ կատարելը, ինչ որ կը յառաջացնէ Թուրքիոյ ժողովուրդին զայրոյթը:
Չորրորդ քայլն ալ, ըստ Աթունի,  Հայաստան-Ատրպէյճան բախումները սկսիլը կամ Հայաստանի միջոցով Թուրքիոյ դէմ պրոքսի (միջնորդաւորուած-«Գ.») պատերազմ վարելը:
Այսպիսով, ըստ հեղինակին, Թուրքիոյ զինուած ուժերուն համար 4-5 ճակատ պիտի բացուի, որոնց հետեւանքով Թուրքիոյ իրաւապահ ուժերուն համար դժուար պիտի ըլլայ կանխել ներքին յարձակումներն ու սադրանքները:
Այս ամբողջ գործընթացին զուգահեռ ԱՄՆ պիտի փորձէ կարելի եղածին չափ նուազեցնել թրքական լիրայի արժէքն ու հարուածել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը:
Թուրք փրոֆեսորին համաձայն, վերոթուարկեալ քայլերուն հետեւանքով ԱՄՆ կը ձգտի յառաջացնել Թուրքիոյ ժողովուրդին զայրոյթը ընդդէմ իշխանութիւններուն եւ 2023-ի Յունիսի ընտրութիւններուն ապահովել իրեն համար «խամաճիկ» թեկնածուի մը ընտրութիւնը նախագահի պաշտօնին:
Աղբիւր՝ Haber7