«Էրմէնիհապէր»- Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ Twitter-ի իր էջին գրառումներ կատարած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան մասին:
Ըստ Օքթայի՝ լիովին անընդունելի են Փելոսիի երեւանեան յայտարարութիւնները, որոնք իբրեւ թէ պատմական եւ ներկայ իրողութիւններուն հետ չեն համադրուիր ու չեն արտայայտեր անկողմնակալ տեսակէտներ: Թուրքիոյ փոխնախագահը Փելոսիին նոյնիսկ մեղադրած է «դիւանագիտական ջանքերը խափանումի ենթարկելու» մէջ:
«Մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք կանգնիլ Ատրպէյճանի կողքին, որ 30 տարի անարդար եւ ապօրինի բռնագրաւման տակ գտնուող իր հայրենի հողերը ազատելու համար անձնուիրաբար կը պայքարի», գրած է Ֆուաթ Օքթայ: