Հիմա կ’ողբանք-տարիներ վերջ-
Վըճիտ հոգւով սուրբերը մեր՝
Որոնք իրենց մարմինը շիթ առ շիթ տուին
Անգութօրէն զիրենք ծաղրող ու անտեսող աշխարհին։
Հիմա կ’ողբանք.
Սակայն շատ ուշ։
Մենք Դուրեաններ կը սպանենք
Մեր անտարբեր ու սառ սրտով,
Ու հեգնանքով անոնց վերեւ վհատութիւն կը կոթողենք։
Մեր ամէն մէկ քայլափոխին ո՛ղջ Դուրեաններ կը սպանենք,
Ու մարմարին ցուրտ գրկումին ղրկելէ ետք
Անոնց աննիւթ հոգիներո՛ւն առատօրէն խունկ կը ծխենք։
Իրենց անհուն աստուածութիւնն ուրացող
Ու մեր մռայլ հոգիներուն սիրահարող
Յիսուսները կը սպանենք.
Ամէն վայրկեան փուշ ու գամով ու ծաղրանքով
Կը ծակծկենք անոնց մարմինն ու հոգին,
Ու երբ վէրքին ու ստորնացման դիմաց ընկնին ու հալին,
Մեր փուշերն իսկ, մեր գամերն իսկ կը սրբացնենք,
Կախաղանը յուշարձանի կը վերածենք,
Ու անոր վրայ իրենց արիւնն ու կեանքը
Հեգնող հպարտ աստուածներուն յիշատակին, հոգիներուն-
Հոգիներո՛ւն համար միայն-
Ոսկի արձան կը ձուլենք,
Սակայն շատ ուշ։
Արարատի ձիւներուն մէջ սրբացած
Աբովեաններ կը սպանենք
Մեր սեւութեամբ, ատելութեամբ ու դաւերով։
Ու ան որ իր Քանաքեռին բարձունքէն
Հայ հոգիին խորունկներուն կը նայէր,
Անոր համար իր հանճարը կը մեծցնէր,
Այն մեծ հսկան էութենէն ներս զգաց
Սողալը մեր ատելավառ ներկայութեան,
Ու փշրուիլն իր յոյսերուն,
Ու յօշոտումն իր հոգիին։
Այսօր այնքան անգթօրէն կը սպանենք դեռ Աբովեաններ՝
Անոնց սիրտերն ու ապագան բզքտելով.
Ու փողոտուած մարմիններով դիւզացնաբար երբ իյնան
Կեանքէն ոչինչ ոչինչ ըմպած ըլլալով՝
Բայց մահուան դէմ հպարտօրէն,
Մենք՝ ուշացած հիացողներ ու քուրմեր՝
Պերճ մարմարներ կը կանգնեցնենք
Անոնց եթեր ու անզգայ յուշերուն։
Յուշարձաններ նիւթ են, նիւթով կը կանգնին,
Բայց հոգիներ նիւթէն վե՛ր են, նիւթէն անդին ու անգին,
Ու չեն փնտռեր մարմարներու եւ պրոնզի հովանին.
Ու կեանքի մէջ դրուած մէ՛կ յոյս, մէ՛կ խրախոյս ու ժպիտ
Կեանքէն անդին դրուած հազար յուշարձան
Ու Սէյլանի ամբողջ բուրմունքը կ’արժեն։
1951
Յովսէփ Եագուպեան