Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ նախորդ Երեքշաբթի, լիբանանեան հիւսիսային Թրիփոլի քաղաքին յարակից Մընիէ շրջանէն ընթացք առաւ լիբանանեան եւ այլ հպատակատութիւն ունեցող գաղթականներ ընդգրկող ապօրինի նաւ մը՝ ուղղուելով Կիպրոս։
Նախքան Կիպրոս հասնիլը, Նաւը ընկղմեցաւ սուրիական Թարթուսի ծովային սահմաններուն մէջ։ 77 ուղեւորներ խեղդամահ եղան։
Թարթուսի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական-ռուսական ծովուժի փրկարարները, գործակցաբար «Արուատ» կղզիի նաւահանգիստի տնօրէնութեան եւ բնակիչներուն, յաջողեցան փրկել 22 ուղեւորներ, որոնց փոխադրեցին Թարթուսի «Պասէլ» պետական հիւանդանոց։

Թղթակիցը աւելցուց, որ ծովուժի փրկարարները կը շարունակեն որոնողական աշխատանքները։
Այս առիթով Թարթուսի առողջապահութեան տնօրէն Ահմատ Ամմար յայտնեց, որ կարգ մը զոհերու պարագաները Լիբանանէն Թարթուս ժամանեցին, որպէսզի ստանձնեն անոնց դիակները։