Այս տարի, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին 24 Սեպտեմբեր 2022-ին կը յիշատակէ Ս. Գէորգ զօրավարին տօնը։

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Ս. Գէորգ Զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, որ վերանորոգութեան վերջին հանգրուանին մէջ կը գտնուի։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմի հոգեւորականաց դասը, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ հոծ հաւատացեալներու։

Ներկաները հոգեկան ցնծութեան զգացումներ ապրեցան, ի տես բարեզարդուած եւ վերանորոգութեան վերջին հանգրուանին հասած եկեղեցւոյ զանազան բաժինները։
«Սուրբ Աստուած» եւ «Տէր, Ողորմեա՛» երգելով, հաւատացեալները հայցեցին Ս. Գէորգ զօրավարին բարեխօսութիւնը։ Անոնք փառք եւ գոհութիւն յայտնեցին Ամենակալին, որ այս տարի եւս, Ս. Գէորգի տօնին, առիթ ընծայեց համախմբուելու լուսապայծառ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած:

Արարողութիւնը փակուեցաւ «Տէրունական աղօթք»ի եւ «Թագաւոր Երկնաւոր» շարականի երգեցողութեամբ, ապա Հայր Սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:
Աւարտին, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշկթ. Միութեան Տիկնաց Վարչութեան կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։