Արեւը կը ծագէր: Անոր շողերը արդէն սկսած էին սողոսկիլ պատուհանէ պատուհան՝ մարդիկը արթնցնելու համար: Կարգը հասաւ ինծի, քանի մը ձախող փորձէ ետք անոնք յաջողեցան արթնցնել զիս:
Երանի արեւուն շողերը աւելի կանուխ հասած ըլլային: Աչքերս բացի եւ հանդիպեցայ անոր: Սովորական հանդիպում մը չէր այս, առաջին նայուածքով սէր որ կ’ըսեն այս պէտք էր ըլլար: Հագած էր կապոյտ հագուստ մը, աչքերը գրաւիչ, գեղեցիկ ու հմայիչ երիտասարդ մըն էր, հպարտ կեցուածքով: Զինք Կապուտակ կոչեցի:
16 տարեկան պատանի եմ, սիրահարներու աշխարհին մէջ դեռ նորեկ: Սիրահարուեցայ, բայց չգիտցայ թէ ինչպէ՛ս պիտի արտայայտեմ սէրս: Որոշեցի ծանօթանալ, նախ ծանօթացուցի ինքզինքս:  Կարգը իրն էր. թէեւ լուռ էր, սակայն աչքերէն ճառագայթող սիրոյ նամակները բաւարար էին հասկնալու, թէ սէրը փոխադարձ էր:
Շատոնց  կ’ուզէի Փարիզ այցելել, այսօր գտայ մէկը, որուն հետ սէրս պիտի վայելէի սիրոյ քաղաքին՝ Փարիզի մէջ:
Գաղափարս յայտնեցի իրեն, համաձայնեցաւ: Կրնա՞ր մերժել:
Տոմսը ապահովեցի, Կապուտակը պատրաստեցի, սակայն մոռցած էի, որ 16 տարեկան աղջիկ մը առանց  հօր արտօնութեան չի կրնար սահմանը անցնիլ: Հոգ չէ, բոլորը գիտեն թէ աղջիկներուն նազը կ’անցնի իրենց հօր մօտ:
Խօսեցայ հայրիկիս հետ եւ սպասեցի պատասխանին:
Ի՞նչ պատահեցաւ…: Հօրս «այո»-ն եւ «ոչ»-ը իրար անցան ու յանկարծ լսեցի ծանր «ոչ» մը:
Նախ նեղացայ, լացի, տոմսը վերադարձուցի. հիմա մելանը ձեռքս Կապուտակիս, այսինքն՝ ճամբորդութեան պայուսակիս մասին կը գրեմ: Ես զինք կը նկարագրեմ իբրեւ սիրահարս, ճամբորդութեան ընկերս, որուն հետ ինչպիսի՜ արկածախնդրութիւններ կրնայինք ապրիլ. ինք ալ պահարանին վրայ հանգչած զիս կը դիտէ ու կ’ափսոսայ անաւարտ մնացած մեր երազին համար:
Աննա Պետրոսեան