Այս այն լեռն է
Որ ամէնուս բիբին խորն է բեւեռուած
Որ ամէնուս մորթին տակն է – միս ոսկոր,
Որ ապրում է, գոյութիւն է իրական
Ու երազ է, առասպել է անսահման
Այս այն լեռն է
Որմէ կու գայ վճիտ ջուրի ուղխերու պէս արիւնը մեր երակին
Որուն կ’երթայ օդասլաց համբոյրի
պէս վերջին շունչը մեր կուրծքին
Այս այն լեռն է
Որմէ որքան կը հեռանանք այնքան կը զգանք թէ իրն ենք
Որուն որքան կը մօտենանք այնքան կը զգանք թէ ինչ ենք…
Զարեհ Խրախունի