ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը յաջողեցաւ իր տեղը գրաւել յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ուզպէքիստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքին: Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած արեւմըտեան Ասիոյ մրցումներուն, Սուրիոյ կազմը գրաւեց աղիւսակին երկրորդ հորիզոնականը՝ 4 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թուրքմենիստանը: Սուրիա կրցաւ յաղթել նաեւ Մարիանա կղզիին 10 – 0 արդիւնքով, ինչպէս նաեւ Չինաստան-Թայպէյին 1 – 0 արդիւնքով: Սուրիոյ հաւաքականը պարտութեան մատնուեցաւ միայն Յորդանանէն՝ 2 – 1 արդիւնքով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Հուսամ ալ-Սեյիտ հրապարակեց այն 23 խաղացողներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցաշարքին: Կազմէն կը բացակային Օմար Խրէպինը, Մուհամմետ եւ Իյազ Օսմաններն ու դարպասապահ Իլիաս Հատայան՝ վիրաւորուած ըլլալնուն պատճառով:
– Կիրակի օր Դամասկոսի Սաուրայի պասքեթի աղջկանց խումբը մեկնեցաւ Թունուս, իր մասնակցութիւնը բերելու Արաբական ակումբներու մրցաշարքին:
 – Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. մակարդակի ախոյեանութեան, Հալէպի Ահլի 1 – 1 հաւասարութեամբ աւարտեց Ֆութուէի հետ կատարած հանդիպումը, իսկ Ուասպէն 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց Դամասկոսի Ուահտէին. Ճապլէն շարունակելով իր յաղթական երթը 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թալիան, իսկ Հըթթինը 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Թիշրինին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՍՊԱՆԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ
Գերմանիոյ Պերլին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթի ախոյեանական մրցումներուն, Սպանիան յաջողեցաւ ձեռք ձգել տիտղոսը, աւարտական մրցումին 88 – 76 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆրանսան: Վերջին վեց տարիներուն, այս չորրորդ անգամն է, որ Սպանիա կը տիրանայ Եւրոպայի ախոյեանութեան, իսկ Ֆրանսան 2013-ին արժանացած է սոյն կոչումին, իսկ երեք անգամ գրաւած է երկրորդ դիրքը:
Հիւրընկալ երկիրը՝ Գերմանիան գրաւեց երրորդ հորիզոնականը 82 – 69 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լեհաստանը: Ռէալ Մատրիտը յաղթական աւարտեց Մատրիտի Քլասիքօն Սպանիոյ ախոյեանութեան 6-րդ փուլի մրցումներուն Ռէալ Մատրիտը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Հանդիպումին, Ռէալին կոլերը նշանակեցին Ռոտրիկօն 18-րդ եւ Վալվերտին 36-րդ վայրկեանին: Աթլեթիքոյի միակ կոլը նշանակեց Մարիօ Հերմսոն 83-րդ վայրկեանին: Քաթալոնէական ակումբ, Պարսելոնան նաեւ շարունակելով իր յաղթական երթը 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էլչին: Լիվանտովեսքին նշանակեց երկու կոլ, իսկ երրորդը նշանակեց Տիպայը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան