Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պատասխանած է Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին առնչուող «Լուրեր» լրատուամիջոցի հարցումներուն:
«Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ատրպէյճանի` Հայաստանի ինքիշխան տարածքին դէմ գործողութիւնները» հարցումին դեսպանատունը պատասխանած է. «Տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ, իսկ ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Մենք կը ցաւինք մարդկային կորուստներուն համար, ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքացիներու բազմաթիւ կորուստներուն համար: Ուրախ ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ բարձր մակարդակներու վրայ մեր ներգրաւուածութիւնը կողմերուն օգնեց զինադադար հաստատելու, եւ մենք կը շարունակենք մնալ մասնակից եւ կը խրախուսենք այն աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութեան հասնելու համար»:
«Լուրեր» մեկնաբանութիւն խնդրած է այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւնը ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ապօրինաբար յայտնուած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն նկատմամբ: «Արդեօք անոնց Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն դուրսբերումը հրատապ անհրաժեշտութիւն կը նկատէ՞ք» հարցումին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը պատասխանած է. «Մենք Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` զօրքերը վերադարձնելու իրենց սկզբնական դիրքեր: Մենք կը յորդորենք վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ առանց զինեալ ուժերու ներգրաւման աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր չլուծուած հարցերու լուծման հասնելու` խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեամբ: Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու` աջակցելու այս ջանքերուն»:
«Ի՞նչ դիրքորոշում ունիք Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքային բնակավայրերու եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորման մասին, որոնց պատճառով կան նաեւ զոհեր» հարցումին դեսպանատունէն պատասխանած են. «Մենք անձամբ տեսած ենք Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքային ենթակառոյցներուն պատճառուած վնասը եւ տեսած ենք քաղաքայիններու շրջանակին մէջ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին հաղորդումներ, որոնք երկուստեք խորապէս կը մտահոգեցնեն եւ կ՛ընդգծեն հետագայ մարտական գործողութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը»:
Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ հայ զինուորներ գերեվարուած են, տարածուած են անոնց նկատմամբ խոշտանգումներու մասին հաղորդումներ, ինչպէս նաեւ անոնք տակաւին չեն վերադարձուած հայկական կողմին: «Ի՞նչ դիրքորոշում ունիք այդ հարցերուն մէջ», հարցումին Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը պատասխանած է. «Մենք տեսած ենք հաղորդումներ հայ զինուորներու գերեվարման եւ խոշտանգումներու մասին: Անցեալ շաբթուան յարձակումներուն մէջ գերեվարուածներու անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձը, ինչպէս նաեւ այլ գերիներու վերադարձը կարեւոր քայլ է տեւական խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ: Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն խոշտանգման որեւէ դրսեւորում որեւէ ժամանակ կամ որեւէ վայրի մէջ եւ կառավարութիւններուն աներկբայ կոչ կ՛ուղղեն հետամուտ ըլլալու իրենց միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ վերջ տալու այս յանցանքներուն առնչուած անպատժելիութեան»: