22 Սեպտեմբերին «Փաստինֆօ»-ն յայտնեց, որ իշխանութիւնները գրոհ սկսած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Դիմադրութիւն» շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի ու անոր ընտանիքին նկատմամբ։ Վերջին օրերուն Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի եւ Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի աշխատակիցները յաջորդաբար ստուգումներ եւ խուզարկութիւններ իրականացուցած են Իշխան Սաղաթէլեանի հարազատներուն պատկանող բնակարաններուն եւ ընկերութիւններուն մէջ։ Լրատուամիջոցին համաձայն, ստուգումները սկսած են «Դիմադրութիւն» շարժումին ընթացքին, իսկ վերջին օրերուն անոնք նոր թափ ստացած են։ Աղբիւրին փոխանցումով շուրջ մէկ շաբաթ առաջ դատարանի որոշումով խուզարկուած է Սաղաթէլեանի հօրը պատկանող ընկերութիւնը եւ առգրաւուած են գրասենեակային համակարգիչները եւ գոյքը։ Այնուհետեւ հարցաքննութեան կանչուած են Սաղաթէլեանի հայրը եւ հարազատները։ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներ լայնածաւալ գործողութիւններ իրականացուցած են նոյնիսկ Սաղաթէլեանի հետ հեռաւոր ազգակցական կապ ունեցող անձերու պատկանող ընկերութիւններուն եւ առեւտարական դրութիւններուն մէջ։ Այդ գործողութիւնները` համաձայն աղբիւրին, կը համակարգէ անձամբ կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բատասեան, որուն «Դիմադրութիւն» շարժումի հաւաքներէն մէկուն ընթացքին Սաղաթէլեան անուանած էր «Սորոսի վաստակ»։ Նիւթին շուրջ Yerkir.am-ը եւս զրուցեց Իշխան Սաղաթէլեանի հետ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս փուլին այլ մեկնաբանութիւն չունի` աւելցնելով. «Եթէ որեւէ մէկուն կը թուի, թէ ինծի նման մեթոտներով կրնան վախցնել կամ լռեցնել, ուրեմն ո՜չ զիս ճանչցած են, ո՜չ՝ Դաշնակցութեան, ուստի իրենց խոր հիասթափութիւն կը սպասէ»: