Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակը եւ Երևանի Խ.Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը 23 Սեպտեմբերին ՀՊՄՀ դահլիճին մէջ կազմակերպեցին համահայկական գիտաժողով՝ «Պոլսահայ Գրականությունը 20-րդ Դարու կէսէն Մինչեւ Մեր Օրերը» խորագիրով։

Գիտաժողովը սկսաւ լռութեան րոպէով՝ յոտնկայս յարգելով յանուն Հայրենիքի նահատակուած զոհերու յիշատակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բ.գ.դ. փրոֆեսոր Սուրէն Դանիելեան։

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեան՝ կարեւոր համարելով Ցեղասպանութիւն վերապրած պոլսահայութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։

Ս.Դանիէլեան ընթերցեց Պոլսոյ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաև ՀՊՄՀ ռեքթոր, հ.գ.դ. փրոֆեսոր Սրբուհի Գէորգեան՝ նշանաւորելով համալսարանի 100-ամեակին նման նիւթով գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ԿՎ անունով ողջունեց գիտաժողովի մասնակիցները եւ իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց, որ ներկայ օրերուն, երբ Սփիւռքը ուծացման տագնապի առջեւ է, երբ Հայրենիքի մէջ կը նուազի հետաքրքրութիւնը սփյուռքահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, կարեւոր է պոլսահայ գրականութեան համահայկական գիտաժողովի մակարդակով անդրադառնալը։

«Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը լուրջ վտանգուած է։ Ազգային աղէտներուն համընթաց՝ պոլսահայ գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովը իր գիտական վերլուծութեամբ, հայրենիքի մէջ արեւելահայ եւ արևմտահայ գրական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու կարեւոր քայլ է», ըսած է Զ. Քեշիշեան։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր ողջոյնի խօսքով շեշտեց.« Մեր պետութեան այս ժամանակահատուածին խորհրդանշական է պոլսահայ գրականութեան նուիրուած այս գիտաժողովը, որովհետեւ, ինչ որ կ’ըսէ գրականութիւնը, գուցէեւ, չկարենան ըսել քաղաքագէտները»։

Հայաստանի Գրողներու Միութեան անունով մասնակիցները ողջունեց եւ խօսք ըսաւ ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեան։

Գիտաժողովի զեկուցումները ընթացան երկու նիստով, որոնց ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան բ.գ.դ. փրոֆեսոր Վազգէն Գաբրիէլեան, Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած հ.գ.դ. փրոֆեսոր Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, բ.գ.դ. փրոֆեսոր Սուրէն Դանիէլեան, բ.գ.դ. փրոֆեսոր Արծրուն Աւագեան, Քուէթէն ժամանած դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան, ԱՄՆ-էն դոկտոր Հրանտ Մարգարեանի զեկոյցը անոր փոխարէն կարդաց Մարի Մերտթխանեան։ Զեկոյցներ ունեցան բ.գ.թ. Լիլիթ Սէյրանեան, Թուրքիոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագարատ Էստուքեան(տեսակապով), բ.գ.դ. փրոֆեսոր Աշոտ Գալստեան, բ.գ.դոկտոր Հայկազուն Ալւրցեան, բ.գ.թ.Վալերի Փիլոյեան, Արցախի պետական համալսարանէն բ.գ.թ Նոնա Դաւթեան, գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեան, բ.գ.թ. դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեան, փ.գ.թ.դոցենտ Դաւիթ Մոսինեան, բ.գ.թ. դոցենտ Կարինէ Մարտիրոսեան, Արցախէն Մանուշ Բալայեան եւ Հայաստանէն Մարինէ Ղազարեան։