ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի 77-րդ նստաշրջանի Ընդհանուր ժողովի շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Կողմերը ներկայացուցին իրենց երկիրներուն վերջին զարգացումները, լուսարձակի տակ առնելով հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն բարեկամական, պատմական յարաբերութիւնները։

Նախարարները շեշտեցին երկկողմ յարաբերութիւնները երկու երկիրներու շահերուն ծառայող նոր մակարդակի բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Նախարար Մըքտատ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Միրզոյեանին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական խումբին տարած ականազերծման եւ բժշկական աշխատանքներուն համար։