Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 31-րդ ամեակին առիթով:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան հանդիսապետեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն կատարեց:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս մեծարգոյ տիար Բաբգէն Պատալեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ, ազգայիններ, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Թեմի եկեղեցիներու թաղականներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտները Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը մօտեցուցին Ս. Խորանին: Հայր Սուրբը Հանրապետական մաղթանքը հանդիսաւորապէս ընթերցեց, ապա Ս. Խաչով օրհնեց եռագոյն դրօշը: Այս առիթով շարականներ երգուեցան եւ սուրբ գրային հատուածներ ընթերցուեցան: Հայր Սուրբը գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 31-րդ ամեակին առիթով, մաղթելով, որ հայոց հայրենիքը անսասան եւ խաղաղ մնայ: Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի երգեցողութեամբ ներկաները պատուեցին հայկական դրօշը:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, հայրենիքի վերանկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս, ուր Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքը փոխանցելով, ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին ներկայութիւնը: Ան յայտնեց, որ Սփիւռքը ինչպէս միշտ, նաեւ ներկայիս կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ու Արցախի կողքին: Ան աղօթեց, որ Ամենակալը իր հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, եւ պայծառացնէ հայ ժողովուրդին կեանքը: