Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, «Զոմա» ընկերութեան կազմակերպութեամբ եւ «Syria tell» հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընկերութեան հովանաւորութեամբ, համաշխարհային համբաւ վայելող լիբանանահայ արուեստագէտ Կի Մանուկեան ելոյթ ունեցաւ «Ասատ» Մշակոյթի եւ Արուեստի տան Օփերայի սրահին մէջ։
Երկու ժամուան տեւողութեամբ դաշնակահար Մանուկեան երաժշտական յօրինումներու եւ վերամշակումներու ինքնատիպ կատարումներով անքակտելի կամուրջ մը ստեղծեց բեմին եւ հանդիսատեսին միջեւ, արռանանալով բուռն ծափողջոյններու։
Նախքան ելոյթ ունենալը, Մանուկեան իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Կը հրաւիրեմ բոլոր սուրիացիները ներկայ գտնուելու ելոյթին՝ մէկդի դնելով իրենց մտահոգութիւններն ու ցաւերը»։
Ան աւելցուց. «Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։ Ես անձնապէս զիրենք մէկ ժողովուրդ կը համարեմ։ Երբ Դամասկոս հասայ, ինքզինքս Պէյրութի փայլուն օրերու շրջանին մէջ զգացի»։