Միջազգային իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն յայտնած են ի պատասխան ՀՀ կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի դէմ Եւրոպական դատարան ներկայացուած միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին շարք մը պահանջներուն, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Եւրոպական դատարանէն խնդրած է լրացուցիչ ժամանակ ռազմագերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրելու համար։
Յիշուած է, որ խնդրանքը դատարանի կողմէն բաւարարուած է։ Ատրպէյճանի համար նշանակուած նոր վերջնաժամկէտը 29 Սեպտեմբերն է։