«Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցին Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադառնալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հրաւէրով՝ Հայաստանի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արցախի նախկին նախագահ Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի հանդիպումին ըսած է. «Հանդիպումին մանրամասնութիւններուն տեղեակ եմ։ Այս պահուն կրնամ ըսել հետեւեալը, որ կայ հանրային մեծ, արդարացուած սպասում՝ այդ ձեւաչափէն շատ որոշակի գործնական քայլեր և առաջարկներ լսելու»։

«Հանդիպումի փաստը ես մեծապէս կը կարեւորեմ եւ կ’արժեւորեմ, եւ քանի որ իրենք յայտարարած են, որ հանդիպումը, քննարկումները պիտի շարունակուին, ես յոյս ունիմ, որ յառաջիկային մենք գործնական, տեսանելի արդիւնքներ կ’ունենանք»,- աւելցուցած է Իշխան Սաղաթէլեան։

Անոր խօսքին համաձայն, երկիրը օրհասական վիճակէն դուրս բերելը մէկ ուժի, մէկ անհատի, մէկ կուսակցութեան հարց չէ․ անհրաժեշտ է համախմբում, որուն գիտակցումը բոլորին մօտ է։

«Մենք պէտք է ստեղծենք առաւելագոյն լայն համախմբում՝ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար։ Ես վստահ եմ, որ բոլոր կողմերը կ’առաջնորդուին այդ տրամաբանութեամբ, քանի որ անիկա անհրաժեշտութիւն է։ Ի պատիւ բոլորին, կը կարծեմ, երեկուան հանդիպումը անոր ապացոյցն էր։

Այստեղ խնդիրը արդեն իրականութեան մէջ գործնական, տեսանելի արդիւնքներ ունենալն է», ընդգծած է Սաղաթէլեան։