Ծիծեռնակաբերդի բարձունք այցելութեամբ սկսած են Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան սեւծովեան տարածաշրջանի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու երեւանեան համաժողովը:

Համաժողովը հիւրընկալած է աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական-քաղաքական այս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ` ՀՅԴ երիտասարդականը:

Երեւան եկողները ողջունելով՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց՝ համաժողովը պիտի կատարուի Հայաստանի համար ծանր ու լարուած պայմաններու մէջ. ընդամէնը քանի մը օր առաջ Ատրպէյճան յարձակած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ:

Համաժողովի քննարկումին հիմնական նիւթը Սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքները, անոնց ոտնահարման հետ առնչուած իրավիճակն է: Իւրաքանչիւր երկրի ներկայացուցիչ կը պատմէ իր պետութեան հարցերը, միտքերու փոխանակում ըրած են՝ լուծումներ գտնելու համար: Համաժողովին Արցախի ներկայացուցիչը խօսած է արցախահայութեան հանդէպ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը՝ օտարերկրացի պատուիրակներու մօտ իրավիճակի աւելի ճիշդ պատկեր ձեւաւորելու համար:

Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական կողմով սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմը, նաեւ Հայաստանի ինքնիշան տարածքին դէմ վերջին յարձակումը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը խստօրէն դատապարտած է: Աջակցած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչումին:

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարման նիւթով պանելային քննարկումին բանախօսները մասնակիցներուն հանգամանալիցօրէն ներկայացուցին նաեւ Արցախի հարցի էութիւնը. անիկա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ չէ:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպեյան ուշադրութեան հրաւիրեց Ատրպէյճանին Թուրքիոյ՝ զէնքով ու վարձկան ահաբեկիչներով բացայայտ աջակցութեան վրայ:

Հայ ռազմագերիներու, զոհուած զինուորական ծառայողներու ու խաղաղ բնակիչներուն հանդէպ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու իրականացուցած խոշտանգումներուն մասին պատմեց իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան՝ նշելով անոնց ծնող գլխաւոր պատճառը:

Յարձակող Ատրպէյճանի մասին այժմ աւելի քաջատեղեակ համաժողովի մասնակիցները օրուան աւարտին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուած հայորդիներուն: