ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը 27 Սեպտեմբեր 2022_ին ԱՄՆ Քոնկրէսին յայտնած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուած բանաձեւով կը պահանջուի ատրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութիւն եւ ամերիկեան պատժամիջոցներ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած քոնկրէսական պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցելութենէն մէկ շաբաթ անց, պատուիրակութեան մաս կազմող, Քոնկրէսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահ Ճեքի Սփիէր հանդէս եկած է ատրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ դատապարտող օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ՝ կոչ ուղղելով կիրառելու պատժամիջոցներ եւ դիմելու միջազգային կողմին՝ համապատասխան հետաքննութիւններ կատարելու համար։ Իր այս մտադրութեան մասին Սփիէր առաջին անգամ հրապարակայնօրէն յայտարարած է նախորդ շաբաթ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի դաշնային սեմինարի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մարմնակրթութեան և մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին։ Պատերազմական յանցագործութիւններուն համար պատժամիջոցներ կիրառելէն բացի, բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու անօրինական բանտարկութիւնը, կը դատապարտէ հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը եւ համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան։ Քոնկրէսական Սփիէրին միացած են Քոնկրէսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալօն, փոխնախագահ Ատամ Շիֆ եւ քոնկրէսական Աննա Էյշըն: Մեկնաբանելով Սփիէրի նախաձեռնութիւնը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի նախագահ Արամ Համբարեան նկատած է․ «Մենք կ’ողջունենք քոնկրէսական Սփիէրի պատերազմական յանցագործութիւններուն առնչուած բանաձեւի ներկայացումը, որ զուգընթաց է Ատրպէյճանի յարձակումները դատապարտող քոնկրէսական Շիֆի ներկայացուցած բանաձեւին։ Անոնք երկուքն ալ Քոնկրէսի երկկուսակցական հզօր աջակցութեան արտայայտութիւններ են «907-րդ բանաձեւի» կիրարկումին եւ Ատրպէյճանին ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադրեցումին մասին»։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Սփիէրի նախաձեռնութիւնը կը յաջորդէ Ատամ Շիֆի եւ Քոնկրէսի հայկական խումբի ղեկավարներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած մէկ այլ՝ 1351 բանաձեւի նախագիծին։ Անիկա կոչ կ’ուղղէ անյապաղօրէն դադրեցնելու ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Ատրպէյճանին եւ դատապարտելու ատրպէյճանական յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ։ Բանաձեւի նախագիծը ներկայիս ունի 44 քոնկրէսականի ստորագրութիւն: