Սուրիահայ վարժարանները 2022-2023  ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը կը դիմաւորեն որոշ դժուարութիւններ յաղթահարած, սակայն այլ մարտահրաւէրներու դէմ կանգնած:
Վերջին տարիներուն, հակառակ երկրի տնտեսական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն, հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտ դառնալով Սուրիոյ համալսարաններու տարբեր ճիւղեր արձանագրուեցան խոստմնալից ուսանողներ: Այսօր հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ շրջանցելով բոլոր դժուարութիւնները, ապրելով բազմատեսակ զրկանք, հայ ուսանողներ բժշկական, երկրաչափական, գիտական, գրական եւ արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ հպարտութիւն առթող արդիւնք կ’արձանագրեն: Վերջին տասը տարիներուն Սուրիոյ լաւագոյն համալսարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն որակը նկատառելի բարելաւում արձանագրած է: Եթէ տասը տարի առաջ հայ շըրջանաւարտներուն 60 առ հարիւրը կը յաճախէր բարձրագոյն համալսարաններ, այսօր կարելի է ըսել, որ այդ տոկոսը բարձրացած է 80 առ հարիւրի:
Միւս կողմէ, սակայն, երկրի ապահովական ցարդ բխրուն վիճակը նկատի ունենալով, շատ մը երիտասարդներ շրջանաւարտ ըլլալով երկրորդական վարժարաններէ կը գաղթեն՝ իրենց ապագան կառուցելու առաւելաբար Հայաստանի մէջ: Այս մէկը դրական երեւոյթ կը համարենք, սակայն երիտասարդութեան թիւի նուազումը սուրիահայ համայնքին մէջ այլ դժուարութիւններ կը յարուցանէ՝ յատկապէս մարդուժի եւ աշխատուժի թիւի նուազումին ահազանգը հնչեցնելով:
Այլ հարց է նաեւ այն, որ տնտեսական ծանր պայմանները մասամբ մեր երիտասարդները կը մղեն աշխատելու ոչ թէ ազգային, այլ մասնաւոր հատուածի հաստատութիւններու մէջ, ինչ որ յատկապէս վարժարաններէն ներս ուսուցիչներու եւ վարչական պատասխանատուներու երիտասարդականացման ընթացքը կը դանդաղեցնէ:
Մեր վարժարանները հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը պահպանելու համար կը ջանան հայ ուսուցիչներ ներգրաւել տարբեր առարկաներու դասաւանդումին համար, սակայն ամսականներու ոչ-խրախուսիչ պատկերը այդ հեռանկարը իրականանալի չի դարձներ երբեմն:
Տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելի կրնան ըլլալ, սակայն, եթէ ուսումնակրթական մարմիններ եկամտաբեր աղբիւրներու որոնման ծրագիր մշակեն: Այս պարագային քանի մը տարիէն կարելի կը դառնայ գոհացնել ոչ միայն հայերէնաւանդ, այլեւ տարբեր առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու նիւթական գէթ նուազագոյն ակնկալութիւնները:
Միւս մարտահրաւէրը ուսումնակրթական մեր միջոցներուն արդիականացումն է: Արդիականացման այս ծրագիրը հարկ է որ քայլ պահէ ուսումնական պետական ծրագիրի կիրարկման պահանջներուն հետ, որուն համար ուսուցիչներ վերապատրաստման յատուկ դասընթացքներու կրնան հետեւիլ՝ ունենալով համապատասխան միջոցներ:
Ծնողներու տնտեսական վիճակը եւս կը սահմանափակէ մէկէ աւելի դպրոցական ունեցողներու կրթաթոշակներու վճարման կարելիութիւնը: Ուստի վարժարանները այս դժուարութիւնը եւս յաղթահարելու եւ ծնողներու հետ խորհրդակցաբար լուծումներ որոնելու պատասխանատուութիւնը կը կրեն:
Այս դժուարութիւնները յուսահատութեան թող չմատնեն, սակայն, մեր վարժարաններն ու ծնողները, այնքան ատեն որ մեսրոպաշունչ մեր վարժարաններ կը յաճախեն ժրաջան հայ աշակերտներ, որոնք մեծ սիրով կը փութան հայկական վարժարան թէ՛ այնտեղ տիրող հայաբոյր մթնոլորտը վայելելու, եւ թէ՛ առողջ մրցակցութեամբ իրենց դասընկերներուն հետ բոլորելու ուսումնակրթական տարին:
Յետպատերազմեան շրջանին, կրթական մարմիններ նուիրուեցան սուրիահայ վարժարաններու վերանորոգման աշխատանքին: Այսօր մեր դպրոցները օժտուած են գեղեցիկ ու յարմարաւէտ կառոյցներով, մասնագիտական բաժիններով:
Եթէ ունենանք ծրագիր, նախաձեռնութեան բարձր ոգի, կը հաւատանք, որ յառաջիկայ տարիներուն կը յաջողինք քայլ առ քայլ բաւարարել մեր վարժարաններուն տնտեսական եւ ուսումնակրթական տարաբնոյթ կարիքները եւս:
Սուրիահայ մեր վարժարանները համայնքի գոյութեան հիմնական խարիսխներն են, հետեւաբար արժանի են գուրգուրանքի:
Կը մաղթենք, որ վերամուտը ըլլայ նոր եւ յուսալի սկիզբ:
Բարի՛ վերամուտ: