Լեւոն Տէր Պետրոսեանի առաքելութիւնը ընդամէնը Նիկոլ Փաշինեանը արդարացնելն էր, ամենավտանգաւոր թէզն ալ, որ կ’ըսէր, թէ «Ով որ իշխանութեան ղեկին ըլլայ, նոյնը պիտի ըլլայ, կամ՝ աւելի վատ», այս խօսքով ան հասարակութեան նոր պարտութեան ու անձնատուութեան կը պատրաստէր։ Ցաւօք եւ դժբախտաբար՝ այս մարդը չփոխուեցաւ ու կը շարունակէ իր վտանգաւոր թէզը: «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւններուն:
«Առաջին նախագահը, մասնաւորապէս, Պատկերասփիւռի Հանրային ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին
յայտարարած էր, որ Հայաստանին կը սպասուին ծանր եւ ցաւոտ լուծումներ եւ որ պէտք է ընտրել նուազագոյն ցաւալի լուծումը, իսկ վատագոյն լուծումներէն խուսափելու համար ալ պէտք է պայմանագրեր կնքել ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Թուրքիոյ հետ»:
Անդրադառնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այս դիտարկումներուն, Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուց՝ անիկա այս նոյն այլընտրանք չըլլալու, յանձնուելու, տարածքներ յանձնելու ուղերձը կրկնած էր ե՛ւ 1992թ-ին, ե՛ւ 1997-ին:
«Այդ ժամանակ ալ կ’ըսէր այլ տարբերակ չկայ, պէտք է յանձնենք, բայց իր հեռանալէն ետք պարզուեցաւ, որ այլ տարբերակ կայ, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուեցաւ իշխանութիւն, որուն օրօք, ըստ էութեան, 20 տարի պատերազմ տեղի չունեցաւ, կարելի եղաւ երկիրը զարգացնել եւ կառուցել:
Սա Տէր Պետրոսեանի առաջ տարած մշտական գիծը եղած է», ըսաւ Սաղաթէլեան եւ աւելցուց. «Երկիրը այս վիճակին մէջ յայտնուեցաւ 2018-էն ետք, երբ իշխանութեան եկան իր գաղափարակիցները, տարածքներ յանձնելու կողմնակիցները»:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան նաեւ առաջարկած էր ընդդիմութեան մէկ կողմ դնել տարակարծութիւնները եւ համախմբուիլ իշխանութեան շուրջ՝ «երկրին առջեւ ծառացած լրջագոյն հարցերը լուծելու համար պահանջուող ցաւոտ որոշումները նկատի առնելով»:
Ինչ կը վերաբերի առաջին նախագահին այս առաջարկին՝ Սաղաթէլեան ՀՅԴ-ի անունով յայտարարեց, որ կուսակցութիւնը երբեք տրամադիր չէ համախմբուիլ Փաշինեանի շուրջ ու ամէն ինչ պիտի ընէ՝ զինք հեռացնելու համար.