Նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ, որ Սուրիան կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի 77-րդ Ընդհանուր Ժողովին, Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2022-ին, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան խօսքը արտասանելով շեշտեց նոր, բազմաբեւեռ աշխարհակարգի կառուցման անհրաժեշտութիւնը, ուր բոլորը կը գործեն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն հովանիին  ներքեւ, նշելով, որ Սուրիան այս կոչը կ’ուղղէ մեկնելով այ՛ն դաժան պատերազմէն, որ իր լայն շրջագիծին մէջ հետեւանք էր Արեւմուտքին աշխարհին տիրելու նկրտումներուն: Ան նկատել տուաւ, որ թէեւ  պատերազմը չկրցաւ հասնիլ իր նպատակներուն, այդ կարգին՝ կոտրել Սուրիոյ ժողովուրդին կամքը եւ մեկուսացնել երկիրը, սակայն ան դառն հետք թողուց սուրիացի ժողովուրդին վրայ:
Նախարար Մըքտատ իր խօսքին մէջ հետեւեալ հաստատումները կատարեց.
 -Սուրիոյ ժողովուրդը աւելի քան 11 տարիէ ի վեր կը տառապի կարգ մը պետութիւններու հովանաւորած վայրագ ահաբեկչութենէն։
-Սուրիա նեցուկ կը կանգնի Պաղեստինի եղբայր ժողովուրդին՝ հողերու ազատագրութեան իր պայքարին մէջ։
-Իսրայէլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելով իր սեւ պատմութեան մէջ էջ մը եւս կ’արձանագրէ։
-Կոլանի ազատագրման մեր իրաւունքը կայուն է եւ զիջումի ենթակայ չէ։
-Սուրիա 2011-էն ի վեր բանակցութեան եւ փոխհամաձայնութեան միջոցներուն կը դիմէ։
-Սուրիա, նախքան իր դէմ մղուած ահաբեկչական պատերազմին բռնկումը, ինքնաբաւ երկիր էր։
-Սուրիա զօրակցութիւն կը յայտնէ Ռուսիոյ ինքնապաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահպանման իրաւունքին։
-Սուրիա կը դատապարտէ Քուպայի նկատմամբ սահմանուած տնտեսական պաշարումը։