Թուրքիան չի պատրաստուիր Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի եւ Զափորոժիէի շրջաններուն Ռուսիոյ կազմ մտնելը ճանչնալու, ինչպէս եղաւ Խրիմի պարագային: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` Թոքիոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Մենք Խրիմի բռնակցումը չենք ճանչնար եւ ատոր մասին Ռուսիոյ կ’ըսենք: Մենք մտահոգութիւն յայտնած ենք Տոնեցքի, Լուկանսքի, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի հանրաքուէներուն վերաբերեալ: Մենք հասկցուցած ենք, որ այդ հանրաքուէները չենք ճանչնար», ընդգծած է Չաւուշօղլու: