Այս օրերուն զբաղումի միջոցները շատ են, յատկապէս խաղերը, ըլլան անոնք համակարգիչի, թէ ձեռնահեռաձայնի վրայ։
Խաղերու հիման վրայ մարդիկ բաժնած եմ երեք խումբի. առաջին խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք խաղեր կը պատրաստեն, երկրորդ խումբին մաս կը կազմեն անոնք, որոնք միայն կը խաղան (այսինքն՝ խաղացողները), իսկ երրորդ խումբին՝ անոնք, որոնք երբեք այսպիսի խաղեր չեն խաղար։
Ես երկրորդ խումբին կը պատկանիմ, բայց խաղերու հետաքրքրութիւնն ու սէրս օգտագործեցի, որպէսզի առաջին խումբին միանամ։ Սկսայ փոքր խաղ մը պատրաստել , բայց կիսատ ձգեցի զայն, որովհետեւ ուզեցի, որ այս խաղը փորձ մը ըլլայ՝ հասկնալու համար խաղ մը պատրաստելու դժուարութիւնը։
Ուրախ եմ, որ կրցայ այս ոլորտին մէջ փորձառութիւն շահիլ եւ կը քաջալերեմ բոլոր ընկերներս, որ նման քայլ առնեն, որովհետեւ ապագան համակարգիչի վերաբերող մասնագիտութիւններու տիրացողին է։
Առէն Խրոյեան