ԱՊՀ անդամ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներիու հետախուզական գործունէութեան 18-րդ հանդիպումին Ուրբաթ օրը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ
քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները օգտագործելու կարելիութիւնը։

«Ներկայիս կը քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան դիտորդներու օգտագործման կարելիութիւնը՝ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու միջև համաձայնութիւններու իրականացման, յատկապէս՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար՝ համապատասխան համաձայնագիրի ստորագրումին համար», ըսած է նախարարը։

«Կը կարծեմ, որ ԱՊՀ-ի աջակցութիւնը նոյնպէս պահանջուած պիտի ըլլար»,աւելցուցած է Լաւրով։