ՀՈԳԵԲԱՆԻՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԻ՛ ՆՈՒԱՍՏԱՑՆԷՔ ՁԵՐ ԵՐԵԽԱՆ ՑԱԾ ԳՆԱՀԱՏԱՆԻՇԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հոգեբաններ յաճախ կը կրկնեն, որ ծնողքը երեխային հետ դաս սորվելու չէ: Անոր հետ գիրքերը պայուսակին մէջ դասաւորելու չէ: Պէտք չէ հարցնել՝ «դպրոցը ինչպէ՞ս է»: Ընդհակառակն. թոյլ պէտք է տալ, որ երեխան իւրովի ընէ այդ բոլորը: Հետեւաբար մի՛ խճողէք իր առօրեան յաճախակի հարցումներով:
Այլ նիւթերով զրուցեցէ՛ք ձեր երեխաներուն հետ, մինչեւ որ ան դպրոցի ճնշիչ առօրեային աստիճանաբար վարժուի եւ ինք սկսի պատմել կամ հարցումներ ուղղել ձեզի:
Երեխան պէտք է անպայման ունենայ իր ազատ ժամը եւ օրուան ընթացքին  գէթ 2-4 ժամ ոչինչ ընէ:  Յաւակնոտ ծնողները, սակայն, օրուան մէջ ազատ ժամ չեն ձգեր՝ յաւելեալ դասերով, լեզուներ սորվելու դասընթացքներով կը խճողեն իրենց զաւակներուն առօրեան:
Դպրոցին եւ ուսուցիչներուն հետ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւն տուէ՛ք: Հետեւեցէ՛ք ձեր երեխային աննկատ կերպով: Մի՛ վախցնէք զինք ցած գնահատանիշերէ, որպէսզի ան չհիասթափուի դպրոցէն կամ դասերէն:
Ընդհանրապէս գերազանց աշակերտները, որոնք ջանասիրաբար կ’ապահովեն իրենց բարձր գնահատանիշերը, անհանգիստ անձնաւորութիւններ են, անոնք երբեմն կը թերագնահատեն իրենց կարողութիւններն անգամ: Այնպէս որ մի՛ պարտադրէք ձեր երեխային առաջնակարգ ըլլալ ամէն գնով:
Եթէ նկատէք, որ ձեր զաւակը ի վիճակի չէ առանձին կատարել տնային պարտականութիւնները, հարկ է որոնել այս ընթացքին տուն տուող պատճառները: Այստեղ ծուլութիւնը չէ հարցը: «Ծուլութիւն»  հասկացութիւնը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի հոգեբանութեան մէջ: Ծուլութիւնը կը յառաջանայ կամքի բացակայութենէն: Իսկ եթէ երեխան չի կրնար ինքնուրոյն սորվիլ դասերը, այս մէկը կրնայ, զորօրինակ, հոգեբանական հարցերու հետեւանք ըլլալ: Հարցեր, որոնք յառաջացած կ’ըլլան ուշադրութեան բացակայութեան, գերաշխուժութեան, ծնողական հարցերու եւ այլ պատճառներով:
Ուստի, երեկոյեան, անոր հետ դաս սորվելու փոխարէն, փորձեցէ՛ք հասկնալ, թէ ձեր երեխան ինչո՛ւ չի կրնար առանձին դաս սորվիլ, այնուհետեւ ջանացէ՛ք սրբագրել ընթացքը:
Կան ծնողներ, որոնք անպայման կ’ուզեն կերտել պատասխանատու, ինքնուրոյն աշխատող եւ յաջող զաւակներ: Կան այլ ծնողներ, որոնց նպատակը երեխային հսկելն է միշտ, կարեւոր ալ չէ, թէ ան ինչպիսի՛ անձ կը դառնայ հետագային, կարեւորը՝ չսխալիլն է, բարձր նիշեր ապահովելը եւ վերջ:
Յաճախ գնահատանիշերու պատճառով, բառացիօրէն, կը քանդուին ընտանիքներ, ընկերային յարաբերութիւններ եւ այլն: Դեռահասներուն ներաշխարհը արդէն իսկ հակասական վիճակներու կ’ենթարկուի, իսկ աւարտական քննութիւններու համար ամիսներով դաս սորվիլը դժուար կացութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ դեռահասին, եւ թէ ընտանիքին համար. բոլորը ջղային կը դառնան, որուն հետեւանքով ալ դեռահասը կրնայ նոյնիսկ ընկճախտի ենթակայ դառնալ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԱՅՍ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ
Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ սիրոյ եւ մնայուն արժէքներու վրայ:
Պահ մը մտածեցէ՛ք, որ շատ շուտով, երբ բոլոր քննութիւններն ու գնահատանիշերը կը մոռցուին, պարզապէս ձեր զաւկին հետ մտերմութիւնը, վստահութիւնը, փոխըմբռնումը եւ ընկերութիւնը կը մնան:
Այո՛, հաւանաբար դուք կը յաջողիք ձեր զաւակը արժանի դարձնել լման գնահատանիշի, սակայն մի՛ մոռնաք, որ ատիկա կրնայ իրականանալ ի գին ձեր յարաբերութիւններուն: Ան կ’ընդունուի բարձրագոյն համալսարան, բայց դուք արդէն ի վիճակի չէք ըլլար վերականգնելու ձեր զաւկին հետ յարաբերութիւնները:
Ուստի, ուշադիր եղէ՛ք եւ մի՛ պարտադրէք ձեր կամքը անոր: Թոյլ տուէ՛ք, որ ձեր զաւակը իր նախասիրութիւնները, իր ուզած եղանակով կիրարկէ: Այս պարագային ան պիտի յաջողի ու երջանիկ անձ դառնայ, իսկ ձեր յարաբերութիւնները շատ աւելի լաւ ու առողջ պիտի ըլլան: