ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 -Սուրիոյ ֆութպոլի տղոց Ա հաւաքականը Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցաշարքին 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ Յորդանանէն:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութեան նախագահ Թարիֆ Քոթրաշ եւ ընդհանուր քարտուղար Շհատէ ալ-Ռաշին իրենց հրաժարականները ներկայացուցին Մարզական Գերագոյն Մարմինին: Անոնք իրենց վերջնական որոշումը պիտի փոխանցեն Ֆիրաս Մուաայի ճամբորդութենէ վերադառնալէն ետք:
– Հալէպի Ահլի Իթթիհատ ակումբի պասքեթի տղոց խումբի խաղացողներ Անթոնի Պաքըր եւ Ապտուլ Ուահապ Համուի յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք արաբ ակումբներու մրցաշարքին պիտի բացակային խումբէն՝ վիրաւոր ըլլալնուն բերումով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՄԵՍՍԻՆ ԽՈՒՄԲ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ Կ’ՈՒԶԷ 
Ըստ Mundo Deportivo-ի, Պարսելոնան մտադիր է յաջորդ ամրան վերադարձնել արժանթինցի յարձակողական խաղացող Լիոնել Մեսսին։ 35-ամեայ ֆութպոլիստի պայմանագրութիւնը Փարիզ Սան Ժերմանին հետ վերջ կը գտնէ այս մըրցաշրջանի աւարտին: Յունուարին քաթալոնէական ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս բանակցութիւններ պիտի վարէ Մեսսիի հետ: Պարսելոնայի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Չավին փափաք ունի աշխատիլ Մեսիի հետ, մանաւանդ որ անոնք վստահ են որ արժանթինցի մարզիկը կը համաձայնի աշխատավարձի նուազեցման:
Յիշենք, որ ընթացիկ մրցաշրջանին Մեսսին Ֆրանսական ակումբին հետ մաս կազմեց 11 հանդիպումի եւ կրցաւ նշանակել 6 կոլ, ինչպէս նաեւ կատարեց 8 կոլի փոխանցում:
ՈՒԵՖԱ-Ն ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՀԵՌԱՑՈՒՑ ԵՒՐՕ 2024-ԷՆ 
Խրուաթիոյ Հուար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՈՒԵՖԱ-ի Գործադիր Կոմիտէին նիստը: Նիստին տեղի ունեցաւ Եւրօ-2024-ի ընտրական փուլի յառաջիկայ վիճակահանութեան կարգը, որ տեղի պիտի ունենայ 9 Հոկտեմբերին, Ֆրանքֆուրթի մէջ:
Ըստ Գործադիր Մարմինի որոշումին, Ռուսիա մաս պիտի չկազմէ վիճակահանութեան, որովհետեւ
28 Փետրուարի  որոշմամբ Ռուսիոյ բոլոր հաւաքականներն ու ակումբները զրկուած են ՖԻՖԱ-ի եւ ՈՒԵՖԱ-ի հովանիին ներքեւ տեղի ունենալիք բոլոր մրցումներէն: Գերմանիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը , որ կը հիւրընկալէ Եւրոպայի առաջնութիւնը, ՈՒԵՖԱ-էն պահանջած է հեռացնել նաեւ Պելառուսի հաւաքականը: ՈՒԵՖԱ-ի Գործադիր Կոմիտէն առայժմ մերժած է այդ առաջարկը:
Յիշենք, որ Եւրոպայի 2024-ի առաջնութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան 14 Յունիսէն 14 Յուլիս 2024-ին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան