ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու (ԳՊՄ) «Տէր Եմ Հայրենիքիս» խորագիրով Համագանատական սեմինար-բանակումը տեղի ունեցաւ 7-10 հոկտեմբեր, 2022ին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, Օնթարիօ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Վանգուվըրէն, Մոնթրէալէն եւ Լաւալէն 110 երէց եւ 45 կրտսեր պատանիներու:
Սեմինար-բանակումի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ առաւօտեան, դրօշակի արարողութեամբ:
Չորս օրերու տեւողութեան ընթացքին, ընկերային, մարզական եւ խաղերու բաժիններուն առընթեր, պատանիները լսեցին դաստիարակչական նիւթեր:
Շաբաթ առաւօտեան, երէց պատանիները հետեւեցան ընկեր Զաւէն Տէր Սահակեանի ներկայացուցած սփիւռքի կազմակերպուածութեան մասին հակիրճ դասախօսութեան մը, ապա մասնակցեցան «Հայաստանը առանց սփիւռքի կամ սփիւռքը առանց Հայաստանի – կարելի՞ է» թեմայով վիճաբանական ասուլիսին, իսկ Կրտսեր պատանիները ծանօթացան Պատանեկան Միութիւններու վարիչ եւ նահատակ ազատամարտիկ՝ ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանի կենասգրութեան եւ երգեցին անոր նուիրուած երգը: Նիստը վարեց ընկեր Մովսէս Արզումանեանը:
Նոյն օրուան երերկոյեան, ընկեր Շանթ Գարայեանի ղեկավարութեամբ, երէցները բաժնուեցան խումբերու եւ խաղցան «SIM Համայնք» խաղը, որու ընդմէջէն իւրաքանչիւր խմբակ կերտեց իր իտէալ հայկական համայնքը: Ընկերուհի Լոռի Ապրաքեան կրտսեր պատանիներուն բացատրեց ինչպէս դաշնակցական պատանին կրնայ պաշտպանել իր Հայրենիքը: Ապա, պատանիները ձեռային աշխատանքով կազմեցին Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսները, ծանօթանալով հայրենիքի տարբեր մարզերուն։
Կիրակի առաւօտեան, կրտսեր եւ երէց պատանիներուն հետ հեռակայ կարգով կապ հաստատեց Արցախի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկեր Գէւ Իսքէճեանը: Ան զեկուցեց Արցախի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին նպատակին եւ գործունէութեան մասին, իսկ կիրակի երեկոյեան, ընկերուհի Քաթիա Տէր Յովակիմեան յատուկ դասախօսութեամբ բացատրեց, թէ ինչպէս պատանիները կրնան տիրող ներկայութիւն ըլլալ ընկերային ցանցերու վրայ եւ անոնց միջոցով իրազեկել հանրութիւնը Հայրենիքի ճգնաժամին մասին: Կրտսերները լսեցին այս ամառ Վանաձորի Ճամբարը ղեկավարած ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան վարիչներու զեկոյցը:
Գիշերային հաւաքներու ընթացքին, պատանիները խմբուեցան խարոյկին շուրջ եւ երգեցին Ազգային-Յեղափոխական երգեր եւ վառ պահեցին Վարանգաթաղի բարձունքին ինկած հերոսներու յիշատակը, ընդ որոնց ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու նախկին վարիչ, ընդհանուր վարիչ եւ դաստիարակ Քրիստափոր Արթինի յիշատակը:
Երկուշաբթի առաւօտեան, սեմինար-բանակումը պաշտօնապէս փակուեցաւ՝ «Մշակ Բանուոր» Քայլերգով:

ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմին