Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի՝ 6 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականին Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ատիկա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնախումբերու աշխատանքներուն համար:
Այս յայտարարութեան լոյսին տակ նկատելի է հայկական կողմին դիմադրողական քաղաքականութեան բացակայութիւնը, յատկապէս յայտարարութեան մէջ ատրպէյճանական ուժերուն  վերջին յարձակումէն ետք ելման կէտեր վերադարձը պահանջող, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին անդրադարձող տողերու բացակայութեամբ:
Փաստօրէն, Ատրպէյճանի ճնշումներուն հետեւանքով Հայաստան արցախեան հիմնախնդրի լուծման կոչուած բանակցութեան գործընթացէն դուրս մղուած է: Արցախը անտէր կը մնայ այսօր:
Եթէ փորձ կը կատարուի արցախեան հարցը լուծելու հեռանկարները առնչել միակ օրինական ձեւաչափին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն, աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ  քաղաքական հակադիր դիրքերու վրայ գտնուող համանախագահներէն հակամարտութեան կարգաւորման ջանքեր ակնկալելը իրատեսական չէ:
Արդեօ՞ք միջազգային ուժերու ներկայութիւնը երաշխիք կը համարուի Արցախի ապահովութեան: Այլ խօսքով՝ եթէ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան կը հսկեն ռուսական խաղաղապահ ուժեր, միւս կողմէ  Հայաստան կը խրախուսէ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին, իսկ Ֆրանսայի ծերակոյտը կառավարութեան կ’առաջարկէ Արցախի մէջ ստեղծել մարդասիրական գրասենեակ ու միջազգային ուժեր տեղակայել Արցախ, կարելի՞ է ատրպէյճանական ծրագրուած քաղաքականութեամբ, Ալիեւի շարունակուող սպառնալիքներով մէկտեղ արցախահայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորել ու կանխել անոր հայաթափումը:
Արցախի ժողովուրդը յստակօրէն յայտնած է իր տեսակէտը Ատրպէյճանի կազմին մէջ իր ապագան չտեսնելու գծով եւ ինքնորոշման իրաւունքին տէր կանգնելով:
Արդեօ՞ք Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի բաւարարուին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով ու ճանչնալով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը Արցախը պիտի լքեն Ատրպէյճանի ճիրաններուն ենթակայ, արհամարհելով հայրենի հողին համար զոհուած հազարաւոր հայ նահատակներուն արիւնը ու ոտնակոխ ընելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը: Կամ արդե՞օք Ստեփանակերտ – Պաքու անմիջական բանակցութիւններու եզր մը գտնելու ճիգին պիտի ապաւինին, իմանալով մէկտեղ Ատրպէյճանի նախագահին արցախցիները Ատրպէյճանի քաղաքացիներ համարող արտայայտութիւնները:
Ատրպէյճանաթրքական շարունակուող ճնշումներուն դէմ Հայաստանի դիմադրողական քաղաքականութիւնը յստակօրէն չ’ուրուագծուիր:
Հայաստանի դիմադրական շարժումը, Սփիւռքն ու արցախահայութիւնը Արցախի կարգավիճակը օրակարգի վրայ պահելու համար ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն, որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան պատրուակով  Ատրպէյճան չյաջողի իր կամքը  պարտադրել ու ստեղծուած աշխարհաքաղաքական վիճակէն օգտուելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալով արցախեան հարցը մէկընդմիշտ փակել: