ՀԻՆ ՀԱԼԷՊԻ ԲԱՂՆԻՔՆԵՐԸ
Հալէպ հինէն ի վեր ունեցած է հանրային բազմաթիւ բաղնիքներ, որոնք նպաստած են հանրային առողջութեան: Թէեւ Հալէպ իր ընդարձակ շրջանակով զուրկ եղած է անտառներէ, որոնք քաղաքին բաղնիքներուն եւ փուռերուն  փայտը դիւրութեամբ կը մատակարարէին, բայց անտառները փոխարինուած են շամբուտներով ու մացառուտներով, որոնցմով կը տաքնային Հալէպի բաղնիքները:
Հին Հալէպի բոլոր բաղնիքները ճարտարապետական գեղեցիկ կառուցումներ են, նման Կ. Պոլսոյ եւ Անատօլուի բաղնիքներուն, բոլորն ալ բաժանումներով եւ ոճով շինուած են:
Հետագային Հալէպի հանրային բաղնիքները մեծ մասով գրեթէ դադրած են գործելէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր լուրջ  ու բարեկեցիկ ընտանիք ուզած է իր տանը մէջ իր մասնաւոր բաղնիքը ունենալ, հանրային բաղնիքը ձգելով աղքատ ու գործաւոր դասուն:
Հին Հալէպի ներսը միայն 71 բաղնիք կար.ասոնցմէ զատ 31 ուրիշ բաղնիքներ, որոնք կը գտնուէին բնակարաններու մէջ: Իսկ քաղաքը պարիսպէն դուրս 28 բաղնիք կը հաշուէր, կային նաեւ ուրիշ բաղնիքներ, որոնց թիւը ընդամէնը  195 էր: Ասոնցմէ նշանաւոր էին՝
1-Սուլթան Համամ, կը գտնուէր Բերդի խրամին ծայրը, շինուած էր 1211-ին:
2-Ուզտամուրի բաղնիքը Մաքալիա փողոցին մէջ:
3-Ալ-Պաժազիի երկու բաղնիքները, որոնք կը գտնուէին Յաղթութեան դրան մէջ:
4-Ալ-Վասանի Բաղնիքը, որուն անունը յիշուած է Շարաֆիա Մէտրէսէի Վագըֆի կալուածագրին մէջ:
Այս բաղնիքը ունէր  սեւ դուռ մը, որու մէջ կ’ըսուէր թէ Աբրահամ կը լուացուէր: Ասիկա օրհնեալ բաղնիք մըն էր, ուր մարդիկ կը մտնէին՝ օգտուելու համար Աբրահամի այդ մասունքին բարերար կարողութիւններէն՝ մասնաւորապէս կիները, որոնք կը բժշկուէին իրենց հիւանդութիւններէն:
5-Ալիի երկու բաղնիքները:
6-Ալ-Աֆիֆի բաղնիքը՝ հիմնուած  Իպն Ռօզիք Աֆիֆ Ատտինի կողմէ 1212-ին:
7-Սարկաւագին բաղնիքը, ասիկա  կը գտնուէր ալ Ճալլում թաղին մէջ, Հաշիմիտ Իպն-ալ Քալանտար հրապարակին դիմացը: Այս բաղնիքը կը կոչուէր Կախեալ բաղնիք եւ Վագըֆ:
8-Շէմսէտտին Լուլու բաղնիքը:
9-Իպն Օսրինի  բաղնիքները:
10-Ալ-Աֆավի բաղնիքը՝ այս բաղնիքը վերածուեցաւ պարտէզի մը: Ասոր քով կայ ուրիշ հին բաղնիք մը, որ վերածուեցաւ բրինձ կեղեքելու գործարանի մը:
11-Բերդին երկու բաղնիքները, որոնք վերջին պատերազմի տարիներուն քանդուեցան:
1790-էն ետք, Հալէպ օժտուեցաւ նորանոր բաղնիքներով, անոնցմէ կը յիշենք Համամ Սուլթան, Պահրամիա, Համամ Տահապ, Համամ Պէյլունի եւ ուրիշներ: Իսկ քաղաքի պարիսպին ներսի կողմը Ըշգթիմուրի եւ ան Նազիրի Բաղնիքները:
Բաղնիքը
Բաղնիքին արտաքին սրահը «պարրանի» կը կոչուի եւ շատ ընդարձակ գաւիթ մըն է, վրան գմբէթով ծածկուած եւ սալայատակուած եւ դէպի փողոց դռներ եւ պատուհաններ ունի: Սրահին չորս կողմը քարէ երկար ամպիոններ շինուած են ու յատակը ծածկուած է փսիաթով ու փռոցներով, խցիկներու ձեւը  տալով անոնց: Այս սենեակներն ալ իրենց մասնաւոի տիւանները ունին հանուելու համար:
Գաւիթին մէջտեղը կայ մեծ աւազան մը, որ թէ՛ իբր զարդ կը գործածուի եւ թէ՛ կը ծառայէ  բաղնիքի առարկաներն ու կտաւները մաքրելու, որոնք լուալէ ետք կը կախեն երկար չուաններու վրայ որպէսզի չորնան: Բաղնիք առնողներն ու սպասարկողները երեսակ ( խաբղապ ) կը հագնին, որովհետեւ նախ հնոցին տաքութիւնը հոս չի կրնար հասնիլ եւ յետոյ սալայատակը թաց ըլլալուն շատ ցուրտ կ’ընէ: Մանաւանդ Փետրուար ամսուն:
Շարունակելի
Պատրաստեց՝ Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան