Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. և Անմահ Պատարագին,

նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

տեղի պիտի ունենայ Վարդապետական գաւազանի տուուչութիւն հետեւեալ միաբան հայրերուն.-

– Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան
– Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան
– Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան
– Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան
– Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան
– Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան

Գաւազանի տուուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեան աղօթակից ըլլալու հայր սուրբերուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան եւ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ