Հայ մամուլը որոշիչ դեր ունի սփիւռքահայ թէ հայրենի հասարակութեան կարծիքի ձեւաւորման, հայաշխարհի անցուդարձերու իրազեկման, հայ քաղաքական մտքի հասունացման եւ հայութիւնը յուզող հարցերու լուսաբանման մէջ:
Սփիւռքահայ կեանքի տարբեր ժամանակաշրջաններուն, հայ մամուլը առանցքային դեր ունեցած է գաղութներու կազմակերպման, աշխուժացման, հաւաքական յիշողութեան եւ ինքնութեան պահպանման մէջ:
Թերթերու խմբագրատուները ոչ միայն աշխատանքի վայրեր, այլեւ մէկական դպրոցներ եղած են, ուր հայ լրագրողը, խմբագիրը, թըղթակիցը, յօդուածագիրը մամլոյ ասպարէզին մէջ հմտանալու կարելիութիւն ձեռք բերած ու հայաշխարհին ծանօթանալու ու այդ աշխարհը ընթերցողին դիմաց բանալու համար ամէն ճիգ թափած են:
Հայ Դատի, Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայկական պահանջատիրական երթին գաղափարական, քաղաքական, իրաւական ու դիւանագիտական էութիւնը հայ հանրութեան ծանօթացուցած է հայ մամուլը, Խորհրդային Միութեան տարիներուն առաւելաբար սփիւռքահայ մամուլը:
Սփիւռքի մէջ մամուլը եղած է նաեւ հայկական աւանդական կուսակցութիւններու գաղափարական ու քաղաքական ուղղուածութեան, ըմբռումներուն հայելին, յաճախ անոնց տարակարծութիւններուն բեմը նաեւ:
Այս բոլորը նպաստած են հայ քաղաքական միտքը արթուն պահելուն եւ Հայաստանի, Սփիւռքի ու հայ ազգի ազգային, ընկերային, քաղաքական իւրայատկութիւններու բարձրաձայնումին:
Սփիւռքահայ մամուլը եղած է նաեւ գաղութներու պատմութիւնը վաւերագրողը: Եթէ համայնքի մը որոշ ժամանակահատուածի ազգային, կրթական թէ քաղաքական անցուդարձերուն ծանօթանալ ուզենք, կը թերթատենք այդ ժամանակահատուածին հրատարակուած թերթերն ու ամէնէն պարզ յայտարարութիւններուն, թղթակցութիւններուն, գրական, մշակութային, քաղաքական, վերլուծական յօդուածներուն ակնարկ մը նետելով իրազեկ կը դառնանք համայնքի գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն, թուական պատկերին, քաղաքական հայեացքներուն, հայերէնի պահպանման եւ գործածութեան մակարդակին, գրողներուն եւ այլն: Այլ խօսքով՝ թերթը այս պարագային վաւերագրողն է նաեւ:
Արհեստագիտութեան ներկայ դարուն, թէեւ տպագիր մամուլին հանդէպ հետաքրքրութիւնը նուազած է ու առցանց մամուլը նուաճած է ընթերցողներու ուշադրութեան մեծագոյն տոկոսը, սակայն հայ մամուլին հաղորդած տեղեկութիւններուն, հրատարակած յօդուածներուն, վերլուծութիւններուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը շարունակուի տարբեր հարթակներու վրայ:
Հայ մամուլը, հետեւաբար, իր տպագիր եւ առցանց տարբերակներով կոչուած է գոհացում տալու հայ մարդու հետաքրքրութիւններուն, պարզելու, վերլուծելու հայութիւնը յուզող հարցերը, զանազանելու ապատեղեկատուութիւնը վաւերական տեղեկութենէն ու դիմազերծելու թշնամի երկիրներու ի գործ դրած տեղեկատուական պատերազմի նենգ ծրագիրները:
Մամլոյ ներկայացուցիչներուն պարբերական հանդիպումները, որոնք կը կազմակերպուէին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ վերջերս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նպաստեցին մամլոյ ծառայողներուն մերձեցման, փորձառութիւններու փոխանակման եւ անոնց աշխատանքի հասարակաց գիծերու ընկալման ու ընդգծման:
Հակառակ այս բոլորին, սփիւռքահայ մամուլի վերջին տասնամեակներու էջերուն մէջ   սակաւօրէն կ’արտացոլան իւրաքանչիւր համայնքի դիմագրաւած ներքին տագնապները, հարցերը, դժուարութիւնները, անոնց յաղթահարման միջոցներու քննարկումները: Կառուցողական քննադատութիւնը, տարբեր մակարդակներու վրայ, յանդուգն քայլերով չ’ընթանար: Այս պատճառով ալ յաճախ շատ մը հարցեր կը շարունակեն գլուխ ցցել երկար ժամանակի վրայ, առանց լուծումներու ափ տանելու համայնքը, միութիւնը կամ հասարակութիւնը:
Պատճառներէն մէկն ալ հաւանաբար լրագրական տարբեր ժանրերու օգտագործման բացակայութիւնն է, ինչպէս օրինակ՝ մարդկային պատմութիւններու օրինակով հարցերու արծարծումը, լրագրական հետաքննութիւնները, մեկնաբանական լրատուութեան օգտագործումը եւ այլն, որոնք կրնան ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ընկերային, մարդկային, տնտեսական, մշակութային տարբեր երեւոյթներ լոյսի բերել, լուծումներ որոնել եւ առաջարկներ հրամցնել նոր ու հասանելի ոճով:
Ուստի, պահելով սփիւռքահայ մամուլի առանձնայատկութիւնները, մասնագիտացման թափ տալու փորձերը, լրագրողին ու հրապարակագիրին ազատութիւնը յարգելու ճիգերը մեծապէս կրնան նպաստել ընթերցողը տագնապեցնող տարբեր նիւթերու արծարծման եւ համապատասխանաբար լուծումներու որոնման: