Սեմինարները հաճելի եւ օգտաշատ կ’ըլլան բնականաբար, սակայն «Գանձասար»-ին կազմակերպածը յատկանշական էր։
Պաքալորիայի ուսումնական տարեշրջանս նոր սկսած էր տակաւին, երբ հրաւէր ստացայ մաս կազմելու «Գանձասար»-ի ընտանիքին: Ուրախութեամբ ընդունեցի հրաւէրը։ Կազմուած էր «Երիտասարդական Ոսպնեակ» անունով խմբակ մը, որուն յառաջացման նպատակն էր մեզ մխրճել մամուլի եւ գրականութեան աշխարհ։
Հաճելի էին մեր պարբերական հանդիպումները: Կը զրուցէինք գրողներու, անոնց գործերուն, հայերէն լեզուին եւ մամուլին մասին: Հրճուանք, քիչ մըն ալ պատասխանատուութիւն զգացինք, երբ մեր խումբին զեկուցուեցաւ, որ Քեսապի մէջ եռօրեայ սեմինար մը պիտի կազմակերպուի մեզի համար։
Մտածեցի, որ եռօրեայ սեմինարին յայտագիրը գիտելիքներով, զրոյցներով յագեցած պիտի ըլլայ ու մենք հաճելի փորձառութիւն մը պիտի ապրինք այդ խտացուած ծրագիրին հետեւելով ու ընկերային մթնոլորտը վայելելով։
Անհամբեր էի՝ աւարտելու պետական քննութիւններս եւ մասնակցելու սեմինարին։ Բարեբախտաբար քննութիւնները լաւ նիշերով աւարտեցի ու մտքիս մէջ տեւաբար սեմինարի գաղափարն էր… Ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ ծրագրով պիտի իրականանայ արդեօք… կը խորհէի:
Երբ յայտարարուեցան մեկնումի օրն ու ժամը, ըստ սովորութեանս, վերջին ժամուն վազվզուքով պատրաստեցի պայուսակս եւ փութացի մեկնումի վայր։ Հակառակ տարիքով ամենափոքրը ըլլալուս, բոլորը ջերմօրէն դիմաւորեցին զիս: Շուտով ընտելացայ բոլորին հետ:
Բարձրացանք հանրակառք եւ ուղղուեցանք Քեսապ: Երբ հասանք սեմինարի վայրը, մեզի միացան Դամասկոսի, Քեսապի, Գամիշլիի եւ Լաթաքիոյ մեր ընկերները:
Կարճ դադարէ մը ետք, խմբագիրը բացման խօսքով ներկայացուց սեմինարին նպատակը: Խորագիրը «Տեղեկատուական Գրագիտութիւն» էր,  սեմինարը կազմակերպուած էր «Գանձասար»-ի 30-ամեակին առիթով։
3 օրերու ընթացքին, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, մեր միտքը զարգացուցինք հրամցուած դասախօսութիւններով՝ նուիրուած հայ մամուլին, հարցազրոյց վարելու հմտութիւններուն, մտածողութենէ հրապարակագրութիւն անցնելու միջոցներուն, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, հանրային կապերուն եւ այլ նիւթերու մասին: Օգտակար համարեցի նաեւ ազատ ժամերու ընթացքին մասնակիցներուս միջեւ ընթացք առնող զրոյցները եւ միտքերու  փոխանակումը։
Ազատ ժամերուն ընդհանրապէս մեր խումբը բաժնուած կը տեսնէիք 3-4 խմբակներու, որոնք կը զրուցէին տարբեր նիւթերու մասին՝ կրօնք, քաղաքականութիւն, յեղափոխութիւններ, մամուլ, լեզու եւայլն։ Մեր առօրեայէն անջատուելով 3 օրեր, առիթ գտած էինք մտածելու, կեդրոնանալու զրոյցներու, կարծիքներու արտայայտման վրայ:
Սեմինարը հասաւ իր աւարտին: Բոլորս բարձր տրամադրութեամբ, ընկերային ամուր կապերով եւ գիտելիքներով հարստացած վերադարձանք։
Օգտակար փորձառութիւն ձեռք բերինք, ծանօթացանք Սուրիոյ տարբեր շրջաններու հարցերուն, փորձեցինք օգնել իրարու՝ լուծումներ որոնելու եւ պահպանելու հայ մամուլի, հայ դպրոցի եւ  հայ գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը։
Համազասպ Շաքարեան