Զանգը հնչեց եւ սկսաւ իմ ամենասիրելի պահը։ Հայերէնի դասատուն դասարան մտաւ, եւ մենք, ինչպէս միշտ, միաբերան սկսանք ասմունքել. «Գիտցի՛ր, հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։ Հիւր ենք այստեղ ու դատ դատաստան ունենք, երկիր ունենք։ «Երբ պիտի դառնանք»ը դաւանանք պիտի դառնայ բոլոր հայերի համար։ Մեր հայրենիքը կայ, առանց որի ոչ գաղութ կայ, ոչ մենք կանք։ Ի՞նչ ասել է գաղութ առանց հայրենիքի։ Գաղութը տանջանք է մի բան կերտելու համար, շաղախ է հայրենիքի համար»։
Աչքերս փակելով մասնակցեցայ ընկերներուս ասմունքին։ Յանկարծ աչքերս բացի եւ տեսայ մեծ, կանգուն շէնքի մը դիմաց կեցած եմ։ Վայրը ծանօթ էր, այո՛, այո՛, ես Հայաստանի հրապարակն եմ։ Հպարտ եմ հայրենիքովս, ազգովս ու գաղափարովս։ Դէմս կանգնած եռագոյն դրօշը հպարտութիւն է սփիւռքահայու մը համար։ Հիւր ենք իմ շատ սիրելի հայրենիքին մէջ, բայց համոզուած եմ, որ մենք՝ «հիւրերս», ազատատենչ ժողովուրդիս թեւ ու թիկունք ենք, մեր հերոսներով եւ պահանջատիրութեան երթով՝ անցեալէն մինչեւ ներկայ։
Եղեռնով ծաւալ առած հայուն սպանդը կը շարունակուի այսօր՝ Ջերմուկով, Սոթքով, Բերձորով եւ Աղաւնոյով։ Եռաբլուրին տակ արդէն երկիր մը ունինք, որ ուրիշ Հայաստան մըն է, ուրիշ հայրենիք մը։
Այո՛, բոլոր յիշուածները կորուստներ են, բայց կը հաւատամ, որ օր մը մեր դատը պիտի լուծուի շնորհիւ մեր հերոսներուն։
Եթէ մեր հայրենիքը չըլլար, սփիւռքահայը յոյս պիտի չունենար , իսկ եթէ սփիւռքահայը չըլլար՝ աշխարհի չորս ծագերուն Հայ Դատն ու Հայոց Պահանջատիրութիւնը պիտի չճանչցուէին։
Յանկարծ աչքէս կաթիլ մը արցունք հոսեցաւ։ Ինքզինքս գտայ դասարանիս մէջ։
Այո՛, ես երազային հայրենիքս այցելած էի Աւետիս Ահարոնեանի տողերուն հետ։
Սելա Աստարճեան