ՀԻՆ ՀԱԼԷՊԻ ԲԱՂՆԻՔՆԵՐԸ
Բաղնիքի սրահին մէկ կողմը կը բացուի դուռ մը  որ կ’առաջնորդէ մէջտեղի կամ ուըսթանի կոչուած սրահը:Հոս ալ քարէ նստարաններ կան, նաեւ ճուռն կոչուած երկու ոտք բարձրութեամբ քարի  մէջ  կոնքի ձեւով փորուած գուռեր, որոնց վերեւը կ’երկարին տաք եւ պաղ ջուրի յատուկ երկու խողովակներ: Այս գուռերուն մէջ կան պղինձէ թասեր, որոնցմով ջուր կը թափեն: Հոս արդէն ջերմաչափը 90 աստիճան ֆարէնհայթ է:
Այս սրահէն ալ ուրիշ  դուռ մը կը բացուի ներքին կամ ճուուանի կոչուած սրահը, որ շատ աւելի տաք է: Կայ միայն նստարան մը, որ մէջտեղը քիչ մը բարձր ու սալայատակուած շատ տաք բեմ մը ունի, ուր բաղնիք առնողները կը նստին քրտնելու նպատակով: Այս սրահը շատ աւելի մութ է քան միւս սրահները եւ վերը կան լուսամուտներ՝ գունաւոր ապակիներով ծածկուած փոքրիկ պատուհաններ:
Բաղնիքները կը տաքնան գետնայարկը դրուած հնոցներով. Հոն շատ տաք կ’ընէ, ուր մարդիկ հազիւ 15 վայրկեան կրնան մնալ, իսկ կիները՝ քիչ մը աւելի:
Բաղնիքներ կային, որոնք յատկապէս կանանց համար շինուած էին. Բայց ըստ սովորութեան առտուընէ մինչեւ կէսօր այրերուն յատկացուած էին, իսկ կէսօրուընէ մինչեւ արեւամուտ՝ կիներուն:
Բաղնիք առնողներ երբ  հանուած են գլուխնին թաշկինակ մը կը կապեն ու ֆուֆա կոչուած ղենջակ մըն ալ կը կապեն մէջքէն վար ու այս ձեւով կը մտնեն ներքին սրահը (ճուուա), ուր կը սկսին քրտնիլ ու բոլորովին կը թրջուին:
Բաղնիքին մէջ առաջին գործողութիւնը կ’ըլլար, մազերը թափելու համար դեղ մը գործածելը: Դեղը կը քսուի մազերուն արմատներուն ու լուացուելէն քանի մը վայրկեան յետոյ մազերը արդէն կը թափին: Այս փոշի դեղին գործածութեան ժամանակ քիչ մը ջուր կ’աւելցնեն:  Երբ այս գործողութիւնը աւարտի, սպասարկող մը կու գայ, որ բոլոր մարմինը նախ դանդաղօրէն, ապա զօրաւոր կերպով կը շփէ, որ մորթը կակուղնայ: Ետքը սպասարկողը իւրաքանչիւր ոտքի ու ձեռքի մատները բռնելով կը քաշէ, որ ձայն հանէ: Նոյն գործողութիւնը կը շարունակէ ուսերուն, արմուկներուն եւ ոտքերուն ոսկորները քաշելով: Այս բոլոր գործողութիւնները կատարելէ ետք կը սկսի սեւ եւ կարծր կտորով մը, մարմինին բոլոր մասերը շփել, ատկէ ետք սպունգով լաւ մը կ’օճառէ:
Բաղնիք առնողին կը մնայ միայն ջուրով լաւ մը օճառը մաքրել:
Ետքը իրեն կը բերուի չորցուելիք կտաւներ ու զինք կ’առաջնորդեն դէպի տիվան, ուր հանգիստ պիտի ընէ որոշ ժամանակ: Հոն շատեր գլանիկ կը ծխեն, երբեմն ալ պաղ բաներ կ’ուտեն՝ ձմերուկ եւ այլն…..:
Հարուստ անձեր բաղնիքի չորցուելիքները չեն գործածեր, այլ իրենց յատուկ ղենջակները կը բերեն:
Այս բոլորը բաւական ժամանակ կը պահանջէր. հակառակ անոր որ սպասարկողները շատ վարպետ էին իրենց գործին մէջ:
Գուռերուն թիւը քիչ ըլլալուն, կանայք կարգի կը սպասէին եւ կը զուարճանային պարրանիի մէջ:
Ամենակարեւորը ժամանակին կանայք շատ կը սիրէին բաղնիք երթալ, քանի կը ցուցադրէին իրենց գոհարեղէնները եւ զարդարանքը՝ կը  հանդիպէին իրենց ծանօթներուն:
Կանայք իրենց հետ կը տանէին պտուղներ եւ զովացուցիչներ, կ’ունենային նաեւ գորգեր եւ կարպետներ վրան նստելու համար:
Ամէն դասակարգ իր բաղնիքի սպասուհին կ’ունենար, որուն պաշտօնն էր հսկել բաղնիքի բոլոր գործողութիւններուն. Ասոնք ընդհանրապէս հրեայ կամ թուրք կ’ըլլային:
Հարուստներ ընդհանրապէս մէկ բաղնիք կը վարձէին. իրենց պարագաները կը հրաւիրէին, բոլոր ուրախ առիթներուն գրեթէ կանայք  ազգականներով միասին բաղնիք կու գային եւ հոն մեծ ուրախութեամբ իրենց զըլղըթը կը կանչէին:
Պատրաստեց՝ Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան