ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը 0-0 հաւասարութեամբ աւարտեց Ճապլէյի հետ մրցումը եւ մնաց աղիւսակի երրորդ հորիզոնականին վրայ։ Առաջին դիրքը գրաւող Ուասպէն 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մաճըտը, իսկ Քարամէն շարունակելով իր ձախող արդիւնքները 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ճէյշէն: Ուահտէ-Ֆութուէ եւ Թալիաա-Թըշրին հանդիպումները վերջ գտան 0-0 հաւասարութեամբ:
– Հոմսի Քարամէն պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Ֆաուազ Մանտօն։ Վերջինս  փոխարինեց կազմի նախկին մարզիչը՝ Ահմատ Ազամը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ՔԼԱՍԻՔՕՆ 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 9-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ շարունակելով իր փայլուն արդիւնքները, 3 – 1 արդիւնքով յաջողեցաւ յաղթական աւարտել Պարսելոնային դէմ Քլասիքոյի իր սպասուած հանդիպումը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Սանթիակօ Պեռնապէյի մարզադաշտին վրայ. 12-րդ վայրկեանին, Ֆրանսացի խաղացող Քարիմ Պենզեմա կատարեց արքայական ակումբի կոլերուն բացումը, որմէ քսան վայրկեան ետք, Վալվերտին կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղին, Պարսելոնայի մարզիչը՝ Չաւին, կարգ մը խաղացողներու փոփոխութիւն կատարելէ ետք, կրցաւ որոշ յառաջխաղացք արձանագրել, 83-րդ վայրկեանին Վերան Թորէս կրցաւ նշանակել կազմին միակ կոլը: Նախքան հանդիպումին աւարտը, Ռոտրիկօ տուգանային հարուածով արձանագրեց երրորդ կոլը: Շնորհիւ այս յաղթանակին, Ռէալ 25 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը, իրեն յաջորդեց Պարսելոնան՝ 22 կէտով:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԿՐԵՑ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ 
Անգլիոյ ախոյեանութեան 11-րդ փուլի մրցումներուն, աղիւսակին 11-րդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: 76-րդ վայրկեանին, Հանդիպումի միակ կոլը նշանակեց եգիպտացի խաղացող Մուհամմետ Սալահ: Արսենալ 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Լէթս Իւնայթըտին, իսկ Չելսին շարունակելով իր յաջող արդիւնքները 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ասթոն Վելլան. Մանչեսթըր Իւնայթըտ եւ Լէթս Իւնայթըտ խումբերուն հանդիպումը վերջ գտաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան