Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ. – ATIME) առցանց ժողովը։ Ժողովի ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջեկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր։ Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմէնիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան։

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին յիշեալ առցանց ժողովին մասնակցեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան։

Յայտնենք, որ 2023-ի Մայիս ամսուան ընթացքին, Լիբանանի Պալամանտ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միութեան յաջորդ հանդիպումը, քննելու եւ կազմակերպելու Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող աստուածաբանական համալսարաններու ուսանողներուն համար կազմակերպուելիք ամառնային ճամբարը, Եգիպտոսի մէջ։