ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԸ՝ ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԻՐԱԶԵԿՄԱՆ ԱՄԻՍ
Ըստ որոշ ուսումնասիրութիւններու, կրծքագեղձի քաղցկեղը աւելի քիչ ընդհանրացած է այն քաղաքներուն մէջ, ուր բնակչութիւնը կը հետեւի կանաչեղէն, պտուղ եւ շատ քիչ քանակով ճարպ պարունակող առողջապահական սննդակարգի:
Գիրութիւնը եւ աւելորդ կշիռքը կ’աւելցնեն կրծքագեղձի քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը:
Արդեօ՞ք Ճիշդ Սննդականոնը Կը Պաշտպանէ Մեզ Քաղցկեղէն
Ըստ 1960-ականներու կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, սննդամթերքը առնչուած է քաղցկեղի տարբեր տեսակներու զարգացման հետ:
Ինչպիսի՞ Գործօններ Կ’աւելցնեն Քաղցկեղի Զարգացման Հաւանականութիւնը
Սննդականոնի տեսակը եւ ծանրութեան յաւելումը մօտ 30% ազդեցութիւն կրնան ունենալ, ծխելը՝ 30%, ինչպէս նաեւ ոգելից ըմպելիներու յաճախակի օգտագործումը, ֆիզիքական աշխուժութեան բացակայութիւնը, ծինային գործօնները, որոշակի հիւանդութիւնները, բնապահպանական գործօնները (օրինակ՝ ճառագայթման ազդեցութիւնը) եւ այլ անյայտ պատճառներ կրնան դեր ունենալ այս տեսակի քաղցկեղի զարգացման վրայ:
Ճիշդ Սննդականոնը Կը Պաշտպանէ՞ Մեզ Քաղցկեղէն
Թէեւ առողջապահական սնունդը (յատկապէս կանաչեղէնի եւ պտուղի օգտագործումը) կը նպաստէ քաղցկեղի (օրինակ՝ հաստ աղիքի քաղցկեղի) զարգացման հաւանականութեան նուազեցման, բայց այս մէկը կարելի չէ վերջնականապէս հաստատել:
Քաղցկեղի Կանխարգիլման Էական Սննդամթերքներ
Մեր սնունդին մեծ մասը հարկ է ընտրել բուսական աղբիւրներէն: Օրական առնուազն ուտենք հինգ չափաբաժին պտուղ եւ բանջարեղէն (հիմնական ուտեստին հետ եւ որպէս նախուտեստներ): Ընտրենք ամբողջական եւ չմշակուած հացահատիկներ (ինչպէս՝ ֆրիք, ձաւար, վարսակ, սեւ հաց եւ այլն):
Ուտենք ընդեղէն՝ որպէս բուսական սպիտակուցի աղբիւր (օրինակ՝ ոսպ, սիսեռ, լուբիա եւ այլն):
Ընտրենք չյագեցած բուսական իւղեր (ճարպեր), օրինակ ձիթապտուղի ձէթ, ընկոյզ եւ այլն:
Նուազեցնենք ճարպերով հարուստ մթերքներու օգտագործումը, յատկապէս անոնք, որոնք եկած են կենդանական աղբիւրներէն:
Ընտրենք ցաւարեղէն, բանջարեղէն, պտուղ եւ հատիկներ, որովհետեւ անոնք քիչ ճարպեր կը պարունակեն:
Իւղ օգտագործենք չափաւոր ձեւով եւ խուսափինք  ջրածնուած (hydrogenated) ճարպերէն (իւղերէն):
Ճաշը եփելու ձեւին ուշադրութիւն դարձնենք եւ օգտագործենք քիչ քանակով ձէթ ու իւղ:
Տապկոցը փոխարինենք՝ մթերքը եռացնելով կամ խորովելով:
Միսը ընտրելու պահուն, ընտրենք քիչ ճարպեր պարունակող կտորներ եւ հաւու միսի պարագային միսը մորթէն ձերբազատենք:
Նախընտրելի է կարմիր միսը օգտագործել չափաւոր ձեւով եւ կեդրոնանալ ձուկի ու հաւի օգտագործման վրայ:
Հեռու մնանք վերամշակուած միսերէն:
Թափ տալ ֆիզիքական աշխուժութեան եւ  մեր ծանրութիւնը չափի մէջ պահենք: Նախընտրելի է օրական առնուազն 30 վայրկեան մարզանք ընել, որովհետեւ մարզանքը եւ մարմնի շարժումը կը նուազեցնեն որոշ տեսակի քաղցկեղներու զարգացման հաւանականութիւնը, կը կարգաւորեն հորմոնները եւ կ’աւելցնեն աղիքներու շարժումը:
Նուազեցնենք ոգելից ըմպելիներու սպառումը եւ թեթեւցնենք ծխելը: Որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ոգելից ըմպելին կ’աւելցնէ կրծքագեղձի քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը:
Պատրաստեց՝ Շաղիկ Գաբրիէլեան