Գիտական մտաւորականութիւնը կոչ-դիմում յղած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, ուր ըսուած է. «Հայ ժողովուրդի հինգհազարամեայ պատմութեան ընթացքին պատմական Հայաստանի իւրաքանչիւր տարածաշրջան իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է։ Որոշ պատմական փուլերու մէջ, յատկապէս համահայկական պետականութեան բացակայութեան շրջանին, Հայաստանի աոանձին նահանգներ, գաւառներ ու լեռնային համայնքներ իրենց վրայ վերցուցած են գոնէ երկրի մէկ բաժինին մէջ մեր ժողովուրդի ինքնիշխան ապրելու այնքան անհրաժեշտ գործառոյթը։ Աւելին. երբեմն այդօրինակ պետական կազմաւորումները իբրեւ ինքնատիպ յենասիւներ, լուրջ նախադրեալներ ստեղծած են համահայկական պետականութեան վերականգնումին ու ամրապնդումին համար։ Արեւելեան Հայաստանի մէջ հայոց պետականութիւնը շարունակաբար պահպանած երկրամասերու մէջ, անտարակոյս, կ’առանձնանան Արցախն ու Սիւնիքը։

Պատահական չէ, որ 428_ին Արշակունիներու թագաւորութեան անկումէն եւ 5-րդ դարու ազատագրական ապստամբութիւններէն անմիջապէս վերջ 485_ին Արցախի մէջ Վաչագան Բարեպաշտի գլխաւորութեամբ կազմաւորուած է հայկական ինքնուրոյն թագաւորութիւն, որուն հիմքին վրայ հետագային ձեւաւորուած են պետական այլ կազմաւորումներ Առանշահիկներու, Դոփեաններու, Հասան-Զալալեաններու ջանքերով, ուշ միջնադարուն Արցախ-Սիւնիքի մելիքութիւնները դարձած են ազատագրական պայքարի կեդրոններ՝ ապահովելով հայոց պետականութեան անընդհատականութիւնը։ 1918_ին հայոց պետականութեան վերականգնումէն վերջ Արցախը նորաստեղծ Ատրպէյճանի զաւթողական նկրտումներու դէմ ծաւալած հերոսական պայքարի շնորհիւ կրցած է պահպանել իր անկախութիւնը, իսկ 1920_ի Ապրիլին՝ իրաւամբ միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան: 1921_ին Արցախը արհեստականօրէն ստեղծուած Ատրպէյճանին ապօրինի բռնակցելէն վերջ խորհրդային իշխանութիւնները հարկադրուած են վերապահելու պետական կազմաւորման՝ ինքնավար մարզի կարգավիճակ, որուն հետեւանքով տեղւոյն հայութիւնը, ի տարբերութիւն Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետութեան, կրցած է անասելի դժուարութեամբ պահպանել իր յարաբերական ինքնիշխանութիւնը։

10 Դեկտեմբեր 1991-ին, այդ փուլին իրաւական ուժ ունեցող խորհրդային օրէնսդրութեան խիստ համապատասխան, համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքներով ամրագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) անկախութիւնը, որ պահպանուած է մինչ օրս՝ Հայաստանի եւ համայն հայութեան հերոսական ջանքերուն շնորհիւ։

2020_ին Թուրքիոյ եւ մեծաքանակ օտարերկրեայ վարձկան ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ, միջազգային հանրութեան թողտուութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու առնուազն անհամարժէք գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան տարածքի մեծ մասը բռնազաւթուած է, իսկ պետականութիւնը՝ լրջագոյնս վտանգուած։ Այս իրավիճակին մէջ ակնյայտ է, որ ապագային անհնարին է Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը՝ առանց անոր արեւելեան հզօր դարպաս Արցախի, սին յոյսեր փայփայելով, որ այդպիսի զիջողական քաղաքականութիւնը պիտի պայմանաւորէ Հայաստանի փրկութիւնը։

Այս բախտորոշ ժամուն հայ մտաւորականութիւնը անսասան կանգնած է հայկական երկու պետականութիւններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի կողքին, պատրաստ է իր ողջ ներուժը ի սպաս դնել ազգի միասնականութեան, հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան գործին, նպաստել անոր ամրապնդման ու հետագայ զարգացման՝ վասն հայութեան իրատեսական ապագային։ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեան ու յարձակողական հռետորաբանութեան պարագային կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն չտարուիլ անհեռատես, խիստ վտանգաւոր և ոչինչով երաշխաւորուած համաձայնութիւններով, կոչ կ’ուղղենք քաղաքական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, աշխարհասփիւռ հայութեան զօրավիգ ըլլալու արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի իւրացման, գործադրելու իրաւական, քաղաքական եւ հասարակական առաւելագոյն ջանքերը՝ միջազգային հարթակներու վրայ՝ պահպանելու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Աբրահամեան Վահրամ- տնտեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Մինասեան Էտիկ – պատմական գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Միքայէլեան Արեգ – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու Մխիթարեան Ատոմ – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ Մկրտչեան Մանուկ- մանկավարժական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Մկրտչեան Սամուէլ- պատմական գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Նարիմանեան Վոլոտիա – ճարտարագիտութեան գիտ. թեկնածու Շահազիզեան Սարգիս – ԳԱԱ երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի աշխատակից Շահինեան Սմբատ – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ Շէկեան Լենարտ – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ Շէկեան Համլեթ– ճարտարագիտութեան գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Չիթչեան Ռոպերթ – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ Պապիկեան Սիլվա- բանասիրական գիտ. թեկնածու, դոցենտ Պետրոսեան Արտակ –ճարտարագիտութեան գիտ. թեկնածու Պետրոսեան Սլաւա – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու Պետրոսեան Ստեփան – ԳԱԱ թղթակից անդամ Պողօսեան Գէորգ – ԳԱԱ ակադեմիկոս Պողօսեան Թեւան –Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի դասախօս Սահակեան Վարդան – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու Սահակեան Վլատիմիր – ֆիզ. մաթ. գիտ. թեկնածու, դոցենտ Սահարեան Արամ – ֆիզ. մաթ. գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Սարգսեան Ալպերթ- ֆիզ. մաթ. գիտ. դոկտոր Սարգսեան Հայկ – տնտեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Սողոմոնեան Մենուա – պատմական գիտ. թեկնածու, դոցենտ Սուվարեան Արզիկ – տնտեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Սուվարեան Եուրի – ԳԱԱ ակադեմիկոս Սուքիասեան Էնրիքա- բանասիրական գիտ. թեկնածու, դոցենտ Վարդանեան Արտակ – բանասիրական գիտ. թեկնածու Վարդանեան Վահրամ- ճարտարագիտութեան գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Փիլիպոսեան Աշոտ- պատմական գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Քամալեան Օլեկ – քիմ. գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Քէլեան Սարգիս – ճարտարագիտութեան գիտ. թեկնածու, դոցենտ Քոսեան Արամ – պատմական գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Յայտարարութիւնը բաց է, փափաքողները կրնան միանալ»: