Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանի ելոյթը՝ 30 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին.

«Այսօր Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստը եւ Վերածնունդի հրապարակի հանրահաւաքը ունին մէկ օրակարգ, եւ այդ օրակարգի էութիւնն ու բովանդակութիւնը շատ պարզ են: Արցախահայութիւնը պատրաստ է տէր կանգնելու ազատ եւ անկախ ապրելու իր իրաւունքին, ինչպէս եւ մօտաւոր երեք տասնամեակ առաջ Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումի օրերուն։

Անշուշտ, փոխուած են ժամանակները, փոխուած են իրողութիւնները, կը փոխուի աշխարհակարգը։ Անփոփոխ մնացած է արցախցիի կամքն ու վճռականութիւնը՝ տէր կանգնելու իր պատմութեան, իրաւունքներուն, եկեղեցիներուն, շիրիմներուն, հազարաւոր մեր նահատակ հերոսներու արիւնով սրբագործուած հողին ու հայրենիքին։

44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն վերջ մեր երկիրը կանգնած է նոր իրողութիւններու եւ մարտահրաւէներու առջեւ։ Ատրպէյճանի ղեկավարը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարց չկայ, իրենք լուծած են անիկա։

Միջազգային տարբեր դերակատարներու կողմէն կը շրջանառուին տարբեր փաստաթուղթեր, տարբերակներ, որոնց հիմքը կը կազմեն ոչ միայն միջազգային իրաւունքի համամարդկային ձեւաչափերը, այլեւ տարբեր ուժային կեդոններու տարածաշրջանային շահերը։ Այդպիսի քննարկուող փաստաթուղթերէն մէկը վերջին օրերուն ՀՀ Ազգային Ժողովին պատռուեցաւ մեր գործընկերոջ կողմէն, այո՛, մենք կը փաստենք, որ անընդունելի, պատռումի եւ շպրտումի ենթակայ է իւրաքանչիւր փաստաթուղթ, որու կողմէն անիկա ներկայացուած ըլլայ, որ Արցախը կը ներառէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ ատիկա կը պարունակէ 21-րդ դարու նոր ցեղասպանութեան կամ Արցախի հայաթափման վտանգ։

Այս ամէնուն թոյլ չտալու համար կայ մէկ ճամբայ՝ համախմբուինք, դառնանք մէկ բռունցք եւ տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն։ Սա երկարատեւ պայքարի ճանապարհ է։

Հայ ժողովուրդէն աւելի ոչ մէկը գիտէ խաղաղութեան արժէքը: Իրական խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է հրաժարիլ խաղաղութեան պատրանքէն:

Պէտք է ձերբազատուիլ թոյլի, անճարակի, արհեստականօրէն սերմանուող բարդոյթներէն ու մարդոցմէ։ Յաջողութեան կը հասնինք միայն մեր իրաւունքներուն համար աննահանջ պայքարող համահայկական ներուժով եւ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեամբ»: