Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի քաղաքական բոլոր ուժերուն նախաձեռնութեամբ, 30 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Ժողովի արտակարգ նիստ, որ ուղիղ սփռումով ցուցադրուեցաւ Ստեփանակերտի գլխաւոր՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղադրուած պաստառներով:

Նիստին արդիւնքներուն համաձայն, Արցախի Ազգային Ժողովը յայտարարութիւն մը ընդունեց, որուն համաձայն Արցախը երբեք պիտի չընդգրկուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի հրաժարելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութենէն կամ ընդունելի համարելու որեւէ փաստաթուղթ, որմով ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը կասկածի տակ կը դրուի:

Հրապարակին վրայ միաժամանակ հրաւիրուած էր մեծ հանրահաւաք: Ազգային Ժողովի նիստէն վերջ, ելոյթները շարունակուեցան Վերածնունդի հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդը, ներկայ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, յաջորդ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ այլ պաշտօնեաներ:

Հանրահաւաքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդը:

Հանրահաւաքի ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ. «Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տասնեակ հազարաւոր արցախահայերու հանրահաւաքն ու ներկայութիւնը արդէն իսկ պատգամ է մարդկութեան, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր երկիրներու։
մծՆենք կ՛ապրինք օրհասական ժամանակահատուած, կ՛առերեսուինք գոյաբանական վտանգներու: Աւելի՛ն` ո՛չ միայն Արցախը, այլ նաեւ Մայր Հայաստանը եւ սփիւռքը կ՛առերեսուին գոյաբանական վտանգներու: Ապագան մեծապէս կախուած է Արցախէն: Այս ծանր վիճակէն պատուով դուրս գալու համար պէտք է աշխատինք` ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին ոլորտներու մէջ: Ամէնէն կարեւորը պէտք չէ անտարբեր ըլլանք: Անտարբերութիւնն է, որ մեզ կրնայ կործանել, հակառակ անոր որ կրնայ թուիլ, թէ ամէնէն անմեղ արարքն է: Իւրաքանչիւրէս կախեալ է թէ մեր ապագան, պիտի ըլլայ յաղթանա՞կ, թէ պարտութիւն: Ինչ կը վերաբերի արտաքին ոլորտին, ի հարկէ, մեծ աշխատանք կը տարուի համայն հայութեան հետ մէկտեղ: Պէտք է ըլլանք սկզբունքային, պէտք է տեղ տանք արհեստավարժութեան եւ հայրենասիրութեան»:
Ոաոայեան շե տեց, որ անընդունելի է եւ պիտի մերժուի որեւէ առաջարկ, փաստաթուղթ, որմով Արցախը պիտի դիտարկուի իբրեւ Ատրպէյճանի մաս:

«Տարբեր երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու կողմէ նման առաջարկներ ներկայացնելու պարագային, զանոնք պիտի դիտարկենք իբրեւ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում: Հաւատացէ՛ք, որ ի վիճակի ենք պաշտպանել Արցախը: Ունինք այդ ներուժը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Պէտք չէ հաւատանք, եթէ ըսեն, որ մենք ի վիճակի չենք մեզ պաշտպանելու», ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը։

Արցախի մայրաքաղաքին մէջ հրաւիրուած մեծ հանրահաւաքին մասնակցելու համար քաղաքացիները փակած էին խանութները, դեղարանները եւ այլ սպասարկման կեդրոններ: