Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ ընդունեց միջուկային կենսուժի միջազգային կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը, որ Սուրիա ժամանած էր քաղցկեղի բուժման գծով Սուրիոյ պետութեան հետ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու համար։

Առաջին Տիկինը շեշտեց, որ Սուրիա յաջողեցաւ քաղցկեղէն մահացողներուն թիւը սահմանափակել՝ շնորհիւ պետութեան որդեգրած ծրագիրին, որուն մասնակից կը դառնան նախարարութիւններ եւ խորհուրդներ, յատկապէս Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը։
Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները պատրաստակամութիւնը յայտնեցին քաղցկեղի բուժման գծով Սուրիոյ հետ գործակցութեան նոր միջոցներ որոնելու։