Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, այցելեց եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Նաւապ Նուրիին եւ իր գործընկերներուն՝ իրանեան Շիրազ քաղաքին մէջ գտնուող «Ահմէտ պըն Մուսա Քազէմ Շահճարակ»-ի սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն համար։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ ազգայիններ։

Պատուիրակութեան անդամները հայ համայնքին անունով ցաւակցական խօսք ուղղեցին հիւպատոսին եւ զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն, շեշտելով, որ ահաբեկչական գործողութեամբ կը փորձեն տարածաշրջանէն ներս ազդու դերակատարութիւն ունեցող Իրանի վրայ ճնշում բանեցնել։

Ապա անոնք թեմին անունով ցաւակցական խօսք արձանագրեցին սգոյ մատեանին մէջ։

Հանդիպման աւարտին գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։