ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան 1 Նոյեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի միակ ղեկավարն է, որ կը ստորագրէ փաստաթուղթերու տակ, ուր նշուած չէ, որ Արցախեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի իրաւահաւասարութեան եւ ազատ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ։ ՝

«Հայաստանի բոլոր ղեկավարները յստակ գիտեն, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Հելսինքեան եզրափակիչ շարժումի երեք հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ՝ ազգերու իրաւահաւասարութիւն, ազատ ինքնորոշում, ուժի կիրառման սպառալիքէն հրաժարում եւ տարածքային ամբողջականութիւն», ըսաւ Խաչատրեան։

Սն նաեւ յիշեցուց ՄԱԿ-ի միջազգային արդարադատութեան դատարանի խորհրատուական կարծիքը Քոսովոյի մասին, ուր յստակ յայտարարած են, որ միջազգային իրաւունքը երբեք չ’արգկլեր անկախութեան միակողմանի հռչակումը. «Միջազգային իրաւունքը այդ ուղղությամբ է, որ տարածքային ամբողջականութիւնը երկու կայացած պետութիւններու հարց է: Այսինքն ատրպէյճանական թէզը, թէ Արցախը չի կրնար միակողմանիօրէն անկախութիւն հռչակել, կործանուած է, եւ ես հիմա կը զարմանամ, թէ ինչու Փաշինեան ատրպէյճանական թէզի փաստաբանը դարձած է, ի՞նչ ունի ինքը անկէ: Հաւանաբար այդ ծառայութիւնը իր իշխանութիւնն է», ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Խօսելով Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին եւ միատեղ յայտարարութեան մասին, Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ յայտարարութիւնը ցոյց տուաւ, որ Փաշինեան անգամ մը եւս միջազգային ասպարէզի մէջ չկրցաւ յառաջ տանիլ Հայաստանի իրաւունքները։

«Խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտի երկարաձգումը մեր շահերէն կը բխի, մենք կը հասկնանք, եթէ խաղաղապահ ուժերը 9 Նոյեմբերին չմտնէին Արցախ, ապա 10 Նոյմբերին Արցախի մէջ այլեւս հայ չէր մնար։

Ինծի համար անհասկնալի է իշխանութիւններու, ՔՊ-ականներու մուննաթները(պայմանները«Գ») , թէ խաղաղապահները իրենց գործը լաւ չեն ըներ: Չկայ որեւէ փաստաթուղթ, որ պարտադրելով Հայաստանին հաներ է իր զինեալ ուժերը Արցախէն, ատիկա Փաշինեանի ինքնակամ, միանձնեայ որոշումն է: Չեմ գիտեր գիտեմ ատիկա կատարուած է կամաւոր, թէ պարտադրանքով, բայց փաստ է, որ Փաշինեան հանած է հայկական զինեալ ուժերը Արցախէն առանց որեւէ միջագային փաստաթուղթ ստորագրելու։ Իրենք հանած են զորքը, մէկ հատ ալ ռուսերու մուննաթը (պայման«Գ») դրած են, թէ լաւ չեն ըներ իրենց գործը», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան։